altԱ­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ եւ տնօ­րի­նու­մով, Կի­րա­կի՝ 12 Յու­լիս 2015ին, Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միա­բա­նու­թեան տաս­նե­րեք ա­բե­ղա­ներ` Ար­տակ Աբղ. Ա­րա­պեան, Վար­դան Աբղ. Թաշ­ճեան, Հ­րանդ Աբղ. Թա­հա­նեան, Շ­նորհք Աբղ. Ա­շը­գեան, Պօ­ղոս Աբղ. Թինք­ճեան, Պետ­րոս Աբղ. Մա­նո­ւէ­լեան, Յով­հան­նէս Աբղ. Սաղտ­ճեան, Տա­ճատ Աբղ. Ա­շը­գեան, Ն­շան Աբղ. Լա­խո­յեան, Պա­րոյր Աբղ. Շէր­նէ­զեան, Գա­րե­գին Աբղ. Շխր­տը­մեան, Սմ­բատ Աբղ. Սա­պուն­ճեան եւ Զա­րեհ Աբղ. Սար­գի­սեան, ստա­ցան վար­դա­պե­տա­կան մաս­նա­ւոր իշ­խա­նու­թեան չորս աս­տի­ճան­նե­րը:

Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին` Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ, ձեռ­նադ­րիչ Սր­բա­զա­նը` Ատըր­պա­տա­կա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Գ­րի­գոր Եպս. Չիֆթ­ճեան շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ Մայր Տա­ճա­րի ա­տեա­նը: Ձեռ­նադ­րիչ Սր­բա­զա­նը նախ խար­տա­ւի­լա­կին` Մայր Տա­ճա­րի լու­սա­րա­րա­պետ Սի­փան Ծ. Վրդ. Քէ­չէ­ճեա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ կա­տա­րեց ըն­ծա­յեալ ա­բե­ղա­նե­րուն հա­ւատ­քի քննու­թիւ­նը: Ա­նոնք նզո­վե­ցին բո­լոր ա­ղան­դա­ւոր հեր­ձո­ւա­ծող­ներն ու ա­նոնց ու­սու­ցում­նե­րը եւ հաս­տա­տե­ցին ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քին ու ա­նոր ջա­տա­գով բո­լոր հայ­րա­պետ­նե­րու ու­սու­ցում­նե­րուն: Ա­պա՝ ձեռ­նադ­րիչ Սր­բա­զա­նը շնոր­հեց Ս. Գ­րի­գոր Տա­թե­ւա­ցիին կող­մէ սահ­մա­նո­ւած վար­դա­պե­տու­թեան մաս­նա­ւոր իշ­խա­նու­թեան չորս աս­տի­ճան­նե­րը եւ յանձ­նեց Վար­դա­պե­տա­կան Գա­ւա­զա­նը: Քա­րո­զի ըն­թաց­քին Սր­բա­զան Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճա­նի պաշ­տօն­նե­րուն եւ կա­րե­ւո­րու­թեան հայ ե­կե­ղե­ցիին մէջ: Ա­պա՝ խօս­քը ուղ­ղե­լով ձեռ­նադ­րեալ­նե­րուն, ը­սաւ.- «Այս ձեռ­նադ­րու­թեան հիմ­նա­կան դրդա­պատ­ճա­ռը եւ գլխա­ւոր նպա­տա­կը Աս­տու­ծոյ խօս­քին ա­ներ­կիւղ քա­րո­զու­թիւնն է, որ այ­սօ­րո­ւան Աս­տու­ծոյ մար­դէն` հո­գե­ւո­րա­կա­նէն - պա­հան­ջո­ւե­լու պէս - կ’ակն­կա­լո­ւի: Մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը ա­ներ­կիւղ քա­րո­զիչ­նե­րու ակն­կա­լի­քը ու­նի, ո­րով­հե­տեւ այ­սօ­րո­ւան աշ­խար­հը դէ­պի կրօ­նա­կան շփոթ եւ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն ու միւս կող­մէ դէ­պի մշա­կոյթ­նե­րու միա­ձու­լում գա­հա­վէժ ըն­թա­ցող աշ­խարհ է, եւ այս ի­րա­րան­ցու­մին մէջ բնա­կա­նա­բար քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը եւ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցին տագ­նա­պի կը մատ­նո­ւին: Վեր­ջա­պէս, Սրբա­զա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին ի­րեն ըն­ծա­յած այս ա­ռի­թին հա­մար եւ շնոր­հա­ւո­րեց միա­բա­նու­թիւ­նը: