Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Թուրքիոյ Ինճիրլիք քաղաքին մէջ հայերէն խլուած գոյքը ետ վերադարձնելու նպատակով՝ դատական գործ յարուցուած է, որ կը քննուի Ա.Մ.Ն.ի 9րդ շրջանային դատարանին մէջ:
Այս մասին՝ ըստ «Արմէն-փրես»ի՝ յայտնած է Ա.Մ.Ն.ի մէջ բնակող յայտնի հայ փաստաբան, «Վարդգէս Եղիայեան եւ փաստաբանական խումբ» գրասենեակի ղեկավար Վարդգէս Եղիայեան` նշելով, որ տուեալ գործի յառաջընթացը կախուած է մէկ այլ նմանօրինակ դատական գործէ, որ կը քննուի Ա.Մ.Ն.ի վճռաբեկ դատարանին կողմէ:
Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հողային սեփականութիւններու առնչութեամբ Եղիայեան ընդգծած է, որ ներկայիս բանակցութիւններ կը տարուին թուրք իրաւաբաններու հետ, որպէսզի գործերուն առնչութեամբ ձեռք բերուի պայմանաւորուածութիւն հարիւրաւոր յաճախորդներու հետ, որոնց ընտանիքները ժամանակին սեփականութիւն ունեցած են ժամանակակից թրքական պետութեան տարածքին: «Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան անունով 2010 թուականին մեր կողմէ Գեթթի թանգարանի դէմ ներկայացուցած գործը, որ կապուած էր միջնադարեան հայ մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի կողմէ նկարազարդուած կանոնակարգուած աղիւսակներով 8 էջ վերականգնելու հետ, քննարկումներու վերջնական փուլի մէջ է»,- տեղեկացուցած է Եղիայեան:
Դատական գործ յարուցուած է նաեւ Ռումանիոյ կառավարութեան դէմ այն բանի համար, որ կոմունիստական շրջանին ան սեփականաշնորհած է ռումանա-ամերիկեան շարժանկարի ընկերութիւն մը, որ ժամանակին պատկանած է հայու մը: Դատական գործ յարուցուած է նաեւ Իսրայէլի դէմ երկրին մէջ 1948 թուականի պատերազմի ժամանակ հայկական սեփականութիւնը բռնագրաւելու համար:
Բացի ներկայացուած դատական գործերէն, փաստաբանական ընկերութիւնը հրատարակած է 7 գիրք Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի հրատարակել եւս մէկ հատ, որ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնագրաւուած հայկական սեփականութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ յարուցուած ապահովագրական գործերու պատմութեան: «Վարդգէս Եղիայեան եւ փաստաբանական խումբ» գրասենեակը նախապէս կրցած էր հատուցում ստանալ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն համար երկու ապահովագրական ընկերութենէ:
Նաեւ՝ ընկերութիւնը 20 միլիոն տոլար հատուցում ստացած էր 2004 թուականին New York Life-էն, ապա՝ 2005 թուականին նոյնքան հատուցում ֆրանսական «Աքսա» ապահովագրական ընկերութենէն: