­altՇա­բաթ՝ 11 Յու­նի­սին, նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ըն­դու­նած է Ա.Պ.Հ. եր­կիր­նե­րու մշա­կու­թա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի հիմ­նադր­ման 70ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած` «Մ­շա­կու­թա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մշա­կոյ­թի հա­մար» խո­րագ­րով մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րի պա­ տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը:

«Ու­րա­խա­լի է, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մենք կ­՛աշ­խու­ժաց­նենք մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ԵՈՒՆԵՍՔՕի հետ, վստա­հա­բար նաեւ կա­րե­ւոր կը նկա­տենք մշա­կոյ­թի մար­զին մէջ Ա.Պ.Հ. շրջա­նակ­նե­րուն մէջ մեր փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը»,- ը­սած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հը: Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րուն հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան հա­ղոր­դու­մով՝ հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է աշ­խար­հի շարք մը եր­կիր­նե­րու մշա­կոյ­թի մար­զին մէջ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու, մար­զի փոր­ձա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ լիա­գու­մար նիս­տի եւ կլոր սե­ղան­նե­րու ձե­ւա­չա­փե­րով Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­տա­րո­ւող քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քը` վստա­հեց­նե­լով, որ մշա­կու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րը թոյլ կու տան ա­նոնց ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նա­լու Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը:

Նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ ցու­ցադ­րո­ւած է նաեւ Վե­նե­տի­կի ժա­մա­նա­կա­կից ա­րո­ւես­տի Պիե­նա­լէին լա­ւա­գոյն ազ­գա­յին տա­ղա­ւար ճանչ­ցո­ւած եւ «Ոս­կիէ Ա­ռիւծ» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած Հա­յաս­տա­նի Տա­ղա­ւա­րի մա­սին պատ­մող ժա­պա­ւէ­նը, որ­մէ ետք նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Տա­ղա­ւա­րի հա­մադ­րող Ա­տե­լի­նա Կիւ­բե­րեան-­Ֆոն Ֆիւրշ­թեն­պեր­կը (­Զո­ւե­ցե­րիա) պար­գե­ւատ­րած է «­Հայ­րե­նի­քին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար» 2րդ­ աս­տի­ճա­նի մե­տա­լով` հայ մշա­կոյ­թը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ըստ ար­ժան­ւոյն ներ­կա­յաց­նե­լու, հայ-զո­ւի­ցե­րիա­կան բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ ներդ­րած մեծ ա­ւան­դին հա­մար: Ն­շենք, որ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րին ե­լոյթ ու­նե­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­բան­դեան: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան վար­չու­թեան հա­ղոր­դու­մով՝ Նալ­բան­դեան մաս­նա­ւո­րա­պէս դա­տա­պար­տած է «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն» խմբա­ւո­րու­մին կող­մէ Փալ­մի­րի 2000ա­մեայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող յու­շար­ձան­նե­րու ոչն­չա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նած Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն: