Ի­տա­լիոյ Պո­լո­նիա քա­ղա­քին մէջ «­Յայտ­նա­բե­րո­ւած ֆիլ­մեր» Փա­ռա­տօ­նի ռահ­վի­րա­նե­րը կ’ակն­կա­լեն ցու­ցադ­րել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած­նե­րու մա­սին հա­զո­ւա­գիւտ շար­ժան­կա­րի հա­տո­ւած­ներ, ո­րոնք նկա­րա­հա­նո­ւած են Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին: «­Հա­յերն Այ­սօր»ի տե­ղե­կաց­մամբ այս մա­սին կը յայտ­նէ ե­գիպ­տա­կան «Ալ Կում­հու­րիէ» թեր­թը։ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­դար­ձու­թեանց վե­րա­բե­րալ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով տե­սա­րան­ներ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէ­նի տես­քով: Մին­չեւ վեր­ջերս կը կար­ծո­ւէր, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան լու­սա­բա­նու­մը սահ­մա­նա­փա­կո­ւած էր լու­սան­կար­նե­րով: Փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը շար­ժան­կա­րի հա­տո­ւած­նե­րը ձեռք բե­րած են Ա.Մ.Ն.ի Քոնկ­րե­սի գրա­դա­րա­նէն:

Կը նշո­ւի, որ այդ ժա­պա­ւէն­նե­րու շար­քին են՝ «­Պա­տիւ»ը, ար­տադ­րո­ւած 1925ին, որ կը հա­մա­րո­ւի ա­ռա­ջին հա­յե­րէն ժա­պա­ւէ­նը, եւ 4 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ «­Հա­յաս­տան՝ քա­ղա­քակր­թու­թեան օր­րան» ժա­պա­ւէ­նը, որ նկա­րա­հա­նո­ւած է Թուր­քիոյ մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք: Նաեւ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի Ե­գիպ­տոս ա­պաս­տա­նած գաղ­թա­կան հա­յե­րու մա­սին 5 վայր­կեան­նոց ժա­պա­ւէն, զոր նկա­րա­հա­նած է ֆրան­սա­կան բա­նա­կը: Փա­ռա­տօ­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Մա­րիան Լո­ւինս­քի ը­սած է, թէ այս՝ «հրաշ­քի» նման հա­տո­ւած­նե­րը գտած է հա­մա­ցան­ցի վրայ պրպտում­նե­րու ար­դիւն­քով:

Յօ­դո­ւա­ծի ա­ւար­տին, կայ­քին մէջ կը գրո­ւի, որ Թուր­քիա տա­կա­ւին կը հեր­քէ մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յե­րու սպա­նու­թիւ­նը, որ կը հա­մա­րո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, եւ առ ի հե­տե­ւանք՝ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ: