Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն քննարկման ծիրին մէջ Չորեքշաբթի՝ 1 Յուլիս 2015ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ,
տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը` ներկայութեամբ հայկական եւ լիբանանեան մամուլի ներկայացուցիչներու ու լրագրողներու: Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան բացուած յայտարարեց ասուլիսը` ներկայացնելով զեկուցաբեր բանախօսները.- Կալուածային հարցերու փաստաբան փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ փրոֆ. Թաներ Աքչամ, Լիբանանեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Նշենք, թէ նախատեսուած էր նաեւ միջազգային ատեաններու մօտ փաստաբան դոկտ. Փայամ Ախաւանի մասնակցութիւնը, սակայն օդանաւային թռիչքի ուշացման պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ մամլոյ ասուլիսին: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, պատմական յետադարձ ակնարկով, անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, յատկապէս 1894-1923 երկարող ժամանակաշրջանին: Ան երախտագիտական խօսքերով շեշտեց հիւրընկալ Լիբանանի կարեւորութիւնը, որ դարձաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի ու զարթօնքի հայրենիքը` նշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առանցքային դերը:
«Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուց թրքական Սահմանադրական Դատարանին մօտ»,- յայտնեց Հայր Սուրբը եւ աւելցուց.- «Այսօր դատական հայցի ներկայացումէն երկու ամիսներ ետք, մեր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ թրքական Սահմանադրական Դատարանը սկսած է սերտել դատական այս հայցի թղթածրարը»:
Ապա՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արաբերէնով թուեց Սիսի Կաթողիկոսարանին գծով դատական հայցի յարուցման զուգահեռ ու զայն կանխած առնչակից քայլերը (ինչպէս` «Ճանաչումէն հատուցում» միջազգային գիտաժողովի կազմակերպումը Փետրուար 2012ին, ապա թուրք իրաւագէտներէ եւ միջազգային մասնագէտ-փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի կազմութիւնը…): Դոկտ. Պայրագտարեան շեշտեց Սիսի Կաթողիկոսութեան խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար: Ան յիշեցուց, թէ անցնող 27 Ապրիլ 2015ին ներկայացուած դատական այս հայցին գծով՝ թրքական Սահմանադրական Դատարանը պէտք է առաւելագոյնը իննիսուն օրուան ընթացքին ձեռնարկէ այս հայցի քննարկման: Այլապէս` հարցը պիտի ներկայացուի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարանին:
Ապա՝ փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու անգլերէնով պարզեց Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին ներկայացման առնչակից պայմանները, դժուարութիւններն ու կարելիութիւնները: Ան ընդգծեց, թէ դատական այս հայցի յարուցումը աննախընթաց քայլ մըն է թրքական կալուածային ու դատական պատմութեան մէջ: Փրոֆ. Սոֆուօղլու շեշտեց, որ հայցը ներկայացուած է զուտ մարդկային իրաւանց դիտանկիւնէն` հեռու քաղաքական թէ այլ նկատառումներէ: Ան նշեց, թէ 1983ին եւ 2001ին հրապարակուած հրամանագիրներով, թրքական կառավարութիւնը կ՛արգիլէ կալուածային որեւէ տեղեկութիւն կամ փաստաթուղթ արձանագրել, ինչպէս նաեւ արգիլուած է առնչակից արխիւներու ուսումնասիրութիւնը: Ըստ անոր, 1963ի օրէնքի տրամադրութեանց համաձայն՝ արգիլուած է կալուածային որեւէ սեփականութիւն վերադարձնել իր սեփականատիրոջ (յատկապէս հայերու պարագային): Փրոֆ. Սոֆուօղլու խիստ հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերէն Նոյեմբերի միջեւ թրքական դատարանը հրապարակէ իր որոշումը: Փրոֆ. Սոֆուօղլու նշեց, որ դատին հետապնդման հիմնական նպատակը Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածին վերադարձն է եւ ոչ թէ անոր փոխարէն նիւթական հատուցումը:
Իր կարգին, դոկտ. Թաներ Աքչամ խօսք առաւ եւ յայտնեց, թէ այս գծով աւելի քան հազար փաստաթուղթեր կան Օսմանեան Արխիւներուն մէջ: Ան կարեւորութեամբ նշեց, թէ օսմանեան իշխանութիւնները յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէին Սիսի Կաթողիկոսարանի վարկին` զայն նկատելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կրօնական կարեւոր կեդրոն մը, բոլորովին անկախ Պոլսոյ թէ Էջմիածնի հոգեւոր կեդրոններէն: Ան մէջբերեց, օրինակ, Թալէաթի եւ Ճեմալ փաշայի միջեւ փոխանակուած մէկ նամակը, ուր կը շեշտուի, թէ գրեթէ անկարելի է հիմնովին ջնջել Սիսի Կաթողիկոսարանը` նկատի ունենալով անոր ճակատագրական կարեւորութիւնը հայութեան համար:
Ապա՝ զեկուցաբեր բանախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան հայ անհատներու սեփականութեանց վերատիրացման գծով հիմնական նախաքայլերու եւ կարելիութիւններու վրայ: Այս գծով «Ազդակ»ի այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է ժողովրդային քարոզչական ճիգերով թրքական հայամէտ հանրային կարծիքը մղել (քարոզչական) ճնշում բանեցնելու թրքական իշխանութեանց վրայ` նկատի ունենալով, որ Սիսի (այժմ` Քոզան կոչուող) քաղաքապետը կտրուկ կերպով մերժած է ընդառաջել այս հարցին` փրոֆ. Սոֆուօղլու քարոզչական ճիգերը կարելի դրական քայլ նկատեց, թելադրելով միաժամանակ կալուածային նմանօրինակ հայցերու «տարափ» մը յղել թրքական պատկան իշխանութիւններուն:
Միւս կողմէ՝ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ երեկոյեան ժամը 7:30ին, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, տեղի ունեցաւ երիտասարդ-ուսանողներու եւ փրոֆ. Թաներ Աքչամի միջեւ հանդիպում-զրոյց: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ հատուցման ձեւերուն ու հանգրուաններուն: Հանդիպումին հիմնական բաժինը յատկացուած էր երիտասարդութեան հարցումներուն, եւ զրոյցին ընդմէջէն փրոֆ. Աքչամ տուաւ իր պատասխանները: