Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Քոնկ­րե­սի Գ­րա­դա­րա­նին մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած հա­յե­րու մա­սին բա­ցա­ռիկ տե­սա­նիւ­թեր, ո­րոնք կը պատ­կե­րեն, թէ ինչ­պէ՞ս հայ գաղ­թա­կան­ներն ու որբ ե­րե­խա­նե­րը նա­ւակ­նե­րով կը հե­ռա­նան ­Թուր­քիա­յէն: ­Տե­սա­նիւ­թե­րը բա­ցա­ռիկ են, քա­նի որ նա­խա­պէս կը հա­մա­րո­ւէր, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն փա­խուս­տի դի­մած հա­յե­րը պատ­կե­րո­ւած ե­ղած են միայն լու­սան­կար­նե­րու մէջ: Այս­պի­սով, ­Քոնկ­րե­սի Գ­րա­դա­րա­նին մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած տե­սա­նիւ­թե­րը, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն, հա­յե­րը պատ­կե­րող ա­ռա­ջին յայտ­նի տե­սագ­րու­թիւն­ներն են: ­Տե­սա­նիւ­թե­րը հաս­տա­տուած եւ վե­րա­կանգ­նո­ւած են մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ եւ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին Ի­տա­լիոյ մէջ Cinema Ritrovato («­Վե­րա­կանգ­նո­ւած ­Սի­նե­մա») ­Պո­լո­նիա­յի 29րդ ­շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի ժա­մա­նակ, «­Հա­յաս­տան` մար­դա­սի­րու­թեան բնօր­րան» ընդ­հա­նուր վեր­նա­գի­րով:
Փա­ռա­տօ­նի պա­տաս­խա­նա­տու ­Մե­րիան ­Լո­ւինս­քի, ո­րուն օգ­նու­թեամբ բա­ցա­յայ­տո­ւած են այդ բա­ցա­ռիկ տե­սա­նիւ­թե­րը, կը պատ­մէ, որ ա­նոնք նկա­րա­հա­նո­ւած են 1923 թո­ւա­կա­նին ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին: «Ես նկա­տե­ցի, որ տե­սագ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ ­Պոլ­սոյ յայտ­նի վայ­րե­րը պատ­կե­րո­ւած են: Ա­տի­կա ­Պո­լիսն է, եւ հոն պատ­կե­րո­ւած է ման­կա­տու­նը, ուր պա­տե­րազ­մէն ետք բրի­տա­նա­ցի­նե­րը հայ որբ ե­րե­խա­նե­րը կը խնա­մէին մին­չեւ ­Պո­լի­սէն զա­նոնք տե­ղա­փո­խե­լը»,- կ­՛ը­սէ ­Լո­ւինս­քի: Ա­նոր խօս­քով` տե­սա­նիւ­թե­րու բա­ցա­յայ­տու­մը ուղ­ղա­կի հրաշք էր: ­Մին­չեւ ­Քոնկ­րե­սի Գ­րա­դա­րա­նին մէջ յայտ­նո­ւի­լը, ա­նոնք պա­հո­ւած են Օ­րե­կո­նի ­Պատ­մա­կան Ըն­կե­րու­թեան պա­հո­ցին մէջ: ­Հե­ղի­նա­կը դեռ ան­յայտ կը մնայ: «Այս տե­սա­նիւ­թե­րու ցու­ցադ­րու­թիւ­նը մե­զի հա­մար յար­գան­քի տուր­քի մա­տու­ցում է, մենք զա­նոնք կը դի­տար­կենք որ­պէս պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն: ­Ներ­կա­յիս բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րենք ­Պոլ­սոյ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հետ: Ա­նոնք ար­տա­ռոց մար­դիկ են, եւ հնա­րա­ւոր է` այդ տե­սա­նիւ­թե­րը ցու­ցադ­րենք նաեւ ­Պոլ­սոյ մէջ»,- ը­սած է ­Մե­րիան ­Լո­ւինս­քի: ­Թուրք պատ­մա­բան Ու­միթ ­Քուրթ եւ լրագ­րող Ա­լեւ Էր, ­Փա­րի­զի ­Նու­պա­րեան Գ­րա­դա­րա­նին մէջ ի­րենց կա­տա­րած ու­սում­նա­սի­րու­թեանց ժա­մա­նակ, յայտ­նա­բե­րած են ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին վկա­յող փաս­տա­թուղթ մը` յայտ­նի գրող ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի 11էջ­նոց զե­կոյ­ցը, ո­րով հե­ղի­նա­կը ներ­կա­յա­ցու­ցած է 1915ին եւ ան­կէ ետք հայ կա­նանց եւ աղ­ջիկ­նե­րուն պա­տու­հա­սած դժբախ­տու­թիւն­նե­րը: Ա­նոնց կար­ծի­քով՝ այդ փաս­տա­թուղ­թը մին­չեւ այ­սօր հրա­տա­րա­կո­ւած չէ ե­ղած: