­Ուր­բաթ՝ 3 ­Յու­լիս 2015ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00ին, ­Տըպ­պա­յէի ­Լա ­Մա­րի­նա­յին մէջ, ­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նը կազ­մա­կեր­պեց իր տա­րե­կան վկա­յա­կա­նաց բաշխման հան­դի­սա­ւոր հան­դէս-տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­ նը, որ կը զու­գա­դի­պէր հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60ա­մեա­կին։ Այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին 227 ու­սա­նող­ներ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը` դառ­նա­լով հայ­կա­կան սփիւռ­քի միակ կրթա­կան բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թեան 55րդ ­հունձ­քի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը: Ա­ւե­լի քան հա­զար ներ­կա­նե­րու ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն եւ Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ե­րաժշ­տու­թեան ներ­քեւ, շրջա­նա­ւարտ­նե­րը դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին հետ միա­սին ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի բեմ, որ­մէ ետք հնչեց ­Լի­բա­նա­նի քայ­լեր­գը, ո­րուն յա­ջոր­դեց հա­մալ­սա­րա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ վեր. Ո­ւիլ­պըրթ ­Վան ­Սա­նի ա­ղօթ­քով՝ հան­դէ­սի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը:

­Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քը ա­րա­բե­րէ­նով, հա­յե­րէ­նով եւ անգ­լե­րէ­նով ար­տա­սա­նեց ­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ վեր. դոկտ. ­Փոլ ­Հայ­տոս­թեան, որ շրջա­նա­ւարտ­ներն ու ա­նոնց ծնող­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­լէ ետք, անդ­րա­դար­ձաւ ­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի 60 տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան:

Ան հաս­տա­տեց, որ ի­րենք կո­չո­ւած են ա­մե­նայն հա­ւա­տար­մու­թեամբ, բարձ­րո­րակ պատ­րաս­տու­թեամբ, հա­յա­կերտ ա­զա­տու­թեամբ եւ ժա­մա­նա­կա­կից հմտու­թեամբ պատ­րաս­տե­լու սե­րունդ­ներ` ըլ­լա­լու հա­մար սուղ գի­նով յա­րու­թիւն ա­ռած ժո­ղո­վուր­դի մը ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­նե­րը: