Աւստ­րա­լիոյ մէջ սու­րիա­հա­յե­րուն օգ­նե­լու նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­գա­նա­կու­թեան շնոր­հիւ հա­ւաքուած է 50 հա­զար տո­լար:
Դրա­մա­հա­ւա­քը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Յու­նիս 22ին:
Ա­ռա­ջին շա­բա­թո­ւան ըն­թաց­քին հա­ւա­քո­ւած էր 26 հա­զար աւստ­րա­լա­կան տո­լար, իսկ եզ­րա­փա­կիչ հա­մեր­գի ժա­մա­նակ այդ գու­մա­րը հա­սած է 40 հա­զա­րի: Հե­տարք­րա­կան է, որ հա­մեր­գին ներ­կայ ե­ղած է ըն­դա­մէ­նը 120 հայ հան­դի­սա­տես: Մ­նա­ցած 10 հա­զար տո­լա­րը ա­ւել­ցու­ցած են հայ գոր­ծա­րար­նե­րը: Հա­ւա­քուած գու­մա­րը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի նո­ւի­րա­բե­րո­ւի սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան, որ այ­սօր կը դի­մագ­րա­ւէ կեն­ցա­ղա­յին եւ անվ­տան­գու­թեան լուրջ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ:
Դ­րա­մա­հա­ւա­քը կազ­մա­կեր­պած էին Աւստ­րա­լիոյ Հ.Յ.Դ. «Դ­րօ» Կո­մի­տէն, Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւ­նը (Հ.Օ.Մ.), Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւ­նը (Հ.Մ.Ը.Մ.), Հայ Դա­տի Աւստ­րա­լիոյ Յանձ­նա­խում­բը, Աւստ­րա­լիոյ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւ­նը: