ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, 25 Յունիսին Պաքուի Կարատաղ շրջանին մէջ գտնուող Փութայի մէջ ծովուժի «Ն» զօրախումբի նոր ռազմակայանի բացման հանդիսու թեան ընթացքին, իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ Ատրպէյճանի մեծագոյն հարցը «իր հողերուն բռնագրաւման շարունակութիւնն է»։
Ալիեւ իր ելոյթի ընթացքին ըսած է.- «Այս անարդարութիւնը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի։ 1990ականներուն սկիզբէն, Ատըրպէյճանի օրուան ղեկավարութեան անատակութեան եւ դաւաճանութեան պատճառով, մեր հողերը բռնագրաւման տակ են։ Դժբախտաբար, հակառակ միջազգային կազմակերպութիւններու բոլոր որոշումներուն, այդ բռնագրաւումը կը շարունակուի։ Միջազգային օրէնքի արժեչափերը կոշտ կերպով խզուած են, սակայն միջազգային համայնքը ատոր նկատմամբ անտարբեր կը մնայ։ Մ.Ա.Կ.ի Ապահովութեան Խորհուրդը հակամարտութեան վերաբերեալ չորս բանաձեւեր որդեգրեց։ Անոնք նաեւ նշեցին, որ հայկական զինեալ ուժերը պէտք է առանց նախապայմանի հեռանան մեր հողերէն։ Աւելի քան քսան տարի անցած է, սակայն այդ որոշումները չեն գործադրուած։ Ասիկա մեզի, մեր երկրին ու ժողովուրդին դէմ մեծ անարդարութիւն մըն է։ Սակայն այսօրուան աշխարհը, դժբախտաբար, անարդարութեան վրայ հիմնուած է»։
«Այս պարագային, անպայման որ պէտք է միայն մեր ուժերուն վստահինք, ինչպէս արդէն կ՚ընենք։ Անշուշտ, միջազգային կազմակերպութիւններու փաստաթուղթերը, որոշումները մեր քաղաքական ու դիւանագիտական կարելիութիւնները կ՚աճեցնեն։ Այսօր ոչ մէկ երկիր կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը։ Ասիկա մեր քաղաքական ու դիւանագիտական մեծ յաջողութիւնն է։ Միջազգային կազմակերպութեանց որոշումները կարգաւորման մը իրաւական հիմքը կը կազմեն։ Այս շրջագիծը հիմնուած է պատմական անարդարութեան մը վրայ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղը ատրպէյճանական հող է։ Ատրպէյճանցի ժողովուրդը դարերէ ի վեր ապրած ու աշխատած է այդ հողերուն վրայ։ Այդ պատմական հողերուն վրայ գտնուող պատմական կոթողները անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ ատոնք մեր պատմական, նախահայրերու հողերն են։ Ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը մերն է, այլ նոյնիսկ արդի Հայաստանը ստեղծըւած է ատրպէյճանական պատմական հողերու վրայ։ Բոլորս այդ մէկը գիտենք։ Արդէն աշխարհն ալ այդ մասին գիտէ։ Իրեւան խանութիւն, Կոյչէն, Զանկեզոր Մահալ, ասոնք մեր պատմական հողերն են, եւ մենք՝ ատրպէյճանցիներս պէտք է վերադառնանք այս հողերուն»։