«Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն» (Ի.Պ. - ISIS) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը սպան­նած է Սու­րիոյ քրտա­կան Քո­պա­նի քա­ղա­քի վեր­ջին հայ բնա­կի­չը: Այս մա­սին - ermenihaber.amի փո­խանց­մամբ - կը յայտ­նէ թրքա­կան «Radikal» պար­ բե­րա­կա­նը: Քո­պա­նիի նախ­կին հայ բնա­կիչ, սպան­նո­ւած հա­յուն եղ­բայ­րը՝ Յա­կոբ Թո­մա­սեան կը պատ­մէ. - «1915ին հա­զա­րա­ւոր հա­յեր գաղ­թած են Քո­պա­նի: Մեծ հայրս կը պատ­մէր, որ գաղ­թի ճամ­բուն վրայ հա­րիւ­րա­ւոր հա­յեր սպան­նո­ւած են: Մեծ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու մէ­ջէն անց­նե­լով՝ փրկո­ւած ու հոս ա­պաս­տա­նած հա­յե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին Քո­պա­նիէն գաղ­թած են Լի­բա­նան, Հա­լէպ, Հա­յաս­տան, Ա­մե­րի­կա եւ Եւ­րո­պա: Ի վեր­ջոյ, Քո­պա­նիի մէջ միայն 8 հայ ըն­տա­նիք մնա­ցած էր: Մենք հոս եր­կու ե­կե­ղե­ցի ու­նէինք, իս­լամ­նե­րու հետ ալ ո­րե­ւէ խնդիր չու­նէինք մին­չեւ Ի.Պ.ի յար­ձա­կու­մը»:

Յա­կոբ կը պատ­մէ, որ Ի.Պ.ի յար­ձա­կու­մէն ետք հայ­կա­կան 8 ըն­տա­նիք­նե­րէն մէ­կը ա­պաս­տա­նած է Ուր­ֆա, մէ­կը` Հա­թայ, մէ­կը` Հա­լէպ, անձ­նա­գիր ու­նե­ցող եր­կու ըն­տա­նիք Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւած է, իսկ միւս ե­րեք ըն­տա­նիք­նե­րը ա­պաս­տա­նած են, թուրք-սու­րիա­կան սահ­մա­նին գտնո­ւող Սու­րուչ գա­ւա­ռին մէջ, Թուր­քիոյ ա­ղէ­տի եւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու վար­չու­թեան կա­ռու­ցած գաղ­թա­կան­նե­րու վրա­նա­յին ճամ­բա­րը: Ի.Պ.ի կազ­մա­կեր­պած վեր­ջին յար­ձա­կու­մէն ա­ռաջ, Յա­կո­բի եղ­բայ­րը ցան­կա­ցած է ըն­տա­նի­քով վե­րա­դառ­նալ Քո­պա­նի, ա­տոր հա­մար 14ա­մեայ որ­դիին հետ նախ մեկ­նած է` տունն ու աշ­խա­տան­քը կար­գա­ւո­րե­լու, բայց ըն­դա­մէ­նը մէկ շա­բաթ անց սպան­նո­ւած է: Հօր մա­հը սե­փա­կան աչ­քե­րով տե­սած 14ա­մեայ Ա­րամ կը պատ­մէ, որ հրա­զէ­նա­յին վնա­սո­ւածք ստա­ցած ու ա­րիւ­նա­քամ հայ­րը, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ուժ գտած է` զգու­շաց­նե­լու որ­դիին, որ­պէս­զի փախ­չի: Ս­պան­նո­ւա­ծը չորս ե­րե­խա­նե­րու հայր էր: Ըն­տա­նի­քը եր­թա­լու տեղ չու­նի, քա­նի որ Քո­պա­նին այ­լեւս իր հայ­րե­նի­քը չի հա­մա­րեր: Ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը ան­ցա­գիր­ներ չու­նին, որ­պէս­զի կա­րե­նան Հա­յաս­տան մեկ­նիլ: Ա­նոնք այժմ կը գտնո­ւին Սու­րու­չի ճամ­բա­րին մէջ: