Ուաշինկթըն.- Կիրակի՝ Յունիս 28ին, Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց կատարուեցաւ ցոյց, դատապարտելու համար վերջերս Նախիջեւանի սահմանին մօտ կատարուած ազերի բանակին յարձակումները: Այս ոտնձ գութեան հետեւանքով զոհուած էր հայրենի բանակի ծառայող Արման Եփրեմեան: Ցոյցը կազմակերպուած էր տեղւոյն Հ.Յ.Դ. «Սեպուհ» Կոմիտէութեան եւ Հ.Ե.Դ.ի «Անի» մասնաճիւղին կողմէ:
«Մենք հաւաքուած ենք Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, տեղւոյն բռնապետ Իլհամ Ալիեւի կատարած յարձակումներուն դէմ բողոքելու: Յստակ է, թէ այս յարձակողական դիրքը ի վնաս Կովկասի տարածաշըրջանի խաղաղութեան է: Ատըրպէյճան իր ոտնձգութիւնները կը շարունակէ կատարել թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Նախիջեւանի սահմանններուն վրայ»,- յայտնեց ցոյցին մասնակցող Արամ Սարաֆեան՝ աւելցնելով, թէ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի անդամները տեղին է, որ հետեւին դէպքերու իրադարձութեան: Ան նաեւ շեշտեց, թէ աշխարհը պէտք է նկատէ, որ Պաքուի մէջ Եւրոպական անդրանիկ Ողիմպիականը կազմակերպելով՝ Ատրպէյճան կը փորձէ ծածկել շրջանէն ներս ապահովական կացութիւնը խախտելու իր ընթացքը: