Թուրքիոյ «Մարդու Իրաւունքներու Միութիւն»ը (Մ.Ի.Մ.), Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Արմէն Ճամբար»ը հայ համայնքին վերադարձնելու նպատակով, մէկական նամակ ուղարկած է Եւրոխորհուրդի Մարդու Ի րաւունքներու Յանձնակատարին եւ Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ մասին զեկոյցի հեղինակին,- կը յայտնէ «Էրմէնիհապեր»:
Թրքական կազմակերպութեան անդամները, Մ.Ի.Մ.ի Պոլսոյ գրասենեակին մէջ հրաւիրած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, նշած են, որ Թուրքիա, չվերադարձնելով հայ որբերու բռնագրաւեալ ճամբարը, կը խախտէ Եւրոմիութեան (Ե.Մ.) սկզբունքները` հակառակ այն հանգամանքին, որ կը ցանկանայ այդ կազմակերպութեան անդամ դառնալ: Փաստաբան Էրեն Քեսքին նշած է, որ Թուրքիա կը պնդէ, թէ Ե.Մ.ի անդամակցութեան համար պահանջուող բարեփոխումներու ծիրէն ներս, փոփոխութիւններ կատարած է նաեւ հիմնադրամներէն բռնագրաւեալ գոյքերու մասին օրէնքին մէջ, սակայն ատիկա չի վերաբերիր այն գոյքերուն, որոնք այժմ կը գտնուին 3րդ մարդոց ձեռքը: Քեսքինի խօսքով՝ պետութեան հաշուեկշռին տակ գտնուող գոյքերն ալ վերադարձուած են հազիւ 10 տոկոսի չափով:
«Մենք՝ կազմակերպութիւնը իր պարտականութիւնը կը համարէ, «Արմէն Ճամբար»ը հայ համայնքին վերադարձնելու համար, բազմապիսի նախաձեռնութիւններ իրականացնել ու դիմել հնարաւոր բոլոր միջազգային կառոյցներուն»,- նշած է թուրք փաստաբանը:
Յիշեցնենք, որ «Քեմփ Արմէն» հայկական Ճամբարը Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող, երէկ լքուած, այսօր արդէն կիսաքանդ շինութիւն մըն է: Այժմ աւերակի վերածուած շինութիւնը ժամանակին եղած է չքաւոր ու որբ հայ երեխաներու ամառնային ճամբարը: 8552 ք.մ. տարածք ունեցող «Քեմփ Արմէն»ը 1961 թուականին գնուած է Հայ Բողոքական Եկեղեցւոյ հիմնադրամին կողմէ եւ ծառայած է որպէս ամառնային ճամբար` Կետիքփաշայի հայկական դպրոցի չքաւոր ու որբ սաներուն համար: Սակայն Հետագային ապօրինաբար խլուած է հայկական հիմնադրամի ձեռքէն: