Ասլան՝ յայտնելով, որ գերեզմանատունը ունի 1600 տարուան պատմութիւն, նշած է, թէ ժողովուրդի մը ամբողջ պատմութիւնը կանգնած է անհետացման վտանգին դէմ-յանդիման: Շեշտելով, որ հայկական այբուբենը գրուած է նոյնինքն Մուշ քաղաքին մէջ, ան յայտնած է, որ գանձագողերը մեծ վնաս կը հասցնեն նաեւ գերեզմանոցներուն:
Ընդգծելով, որ «հայերու կոտորածէն առաջ քիւրտերն ու հայերը խաղաղ ապրած են այս քաղաքին մէջ»,- Ասլան ըսած է,- «Եթէ կ’ուզենք խաղաղութեան, սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ ապրիլ, ուրեմն պէտք է տէր կանգնինք հայկական պատմութեան»:
Ան նաեւ յայտնած է, որ հոս կան նաեւ հայկական այլ յուշարձաններ, որոնք նոյնպէս կ’անհետանան եւ նշած է.- «1915էն առաջ 100 հազար բնակչութեամբ նահանգ մը եղած Մուշի լեռնոտ շրջաններու մէջ անգամ հայերու կողմէ ենթակառուցուածքային համակարգեր ստեղծուած էին:
Հիմա հայերու եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները այնքան աւերուած են, որ գրեթէ անհետացման եզրին են:
Հարկաւոր է, որ պետութիւնն ու քաղաքացիական-հասարակական կազմակերպութիւնները նրբազգաց ըլլան այս հարցին նկատմամբ: Կ’անհետանայ հազարամեայ պատմութիւն:
Եթէ սոյն կառոյցները աւերուելու փոխարէն վերանորոգուին, աշխարհի չորս ծագերէն այցելուներ պիտի գան Մուշ, եւ տնտեսական զարգացման հետ մէկտեղ` պիտի պահպանուի քաղաքին ինքնութիւնը»: