­alt28 ­Յու­նիս 2015ին, ­Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 4ին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թիւն մը ե­կած էր ­Պէյ­րու­թի (­Լի­բա­նան) Ա­ւետ­ման Սր­բոյ ­Կու­սին ե­կե­ղե­ցին՝ իր վեր­ջին հրա­ժեշ­տը տա­լու եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Տէր ­Ներ­սէս ­Պետ­ րոս ԺԹ. ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կէ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Պատ­րիար­քին, ո­րուն մար­մի­նը ամ­փո­փող դա­գա­ղը հի­ւան­դա­նո­ցէն հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րով, քա­հա­նայ հայ­րե­րու կող­մէ ու­սամ­բարձ, փո­խադ­րո­ւե­ցաւ մին­չեւ ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քը, ուր­կէ յանձն առ­նո­ւե­ցաւ ե­պիս­կո­պոս հայ­րե­րուն կող­մէ եւ զե­տե­ղո­ւե­ցաւ խո­րա­նին դի­մաց:

­Տան կար­գի ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դեց հան­դի­սա­ւոր ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ, զոր մա­տու­ցա­նեց ­Պատ­րիար­քա­կան կա­ռա­վա­րիչ Ար­հիա­պա­տիւ Գ­րի­գոր Ե­պիս­կո­պոս ­Կապ­րո­յեան՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ Ար­հիա­պա­տիւ Ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն, ­Գեր­յար­գե­լի, ­Գե­րա­պա­տիւ եւ Ար­ժա­նա­պա­տիւ քա­հա­նա­նե­րուն:

­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնուե­ցան ա­սո­րի կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ Եու­նան ­Պատ­րիարք՝ իր հետ ու­նե­նա­լով ա­սո­րի կղե­րա­կան­ներ:

­Ներ­կայ էին նաեւ գոր­ծող եւ նախ­կին պե­տա­կան ե­րես­փո­խան­ներ, պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զոր դես­պան Ա­շոտ ­Քո­չա­րեան եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Կա­րօ ­Քե­պապ­ճեան:

­Յըն­թացս ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գին՝ քա­րո­զե­ցին Ար­հիա­պա­տիւ Գ­րի­գոր Ե­պիս­կո­պոս ­Կապ­րո­յեան՝ հա­յե­րէն եւ Ար­հիա­պա­տիւ ­Յով­հան­նէս Ե­պիս­կո­պոս ­Թէյ­րու­զեան՝ ա­րա­բե­րէն: ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը յար­գան­քով մօ­տե­ցաւ խո­նա­րե­լու ե­րա­նաշ­նորհ ­Հայ­րա­պե­տի դա­գա­ղին առ­ջեւ, իբ­րեւ վեր­ջին հրա­ժեշտ: