Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա­ռա­ջին կոչ ուղ­ղած է Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սած է.-

«Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ լուռ մնա­լը ճիշդ չենք հա­մա­րեր: Մ­տա­հոգ ենք: Մ­տա­հոգ ենք, ո­րով­հե­տեւ մեր հայ­րե­նի­քին հզօ­րա­ցու­մը, մեր միաս­նա­կա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը, մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նոր խայծ, նոր թափ տա­լու հա­մազ­գա­յին պա­հան­ջը մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­մար պէտք է դառ­նայ հա­մազ­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն: Հա­յաս­տան միայն հող չէ, Հա­յաս­տան նաեւ ու մա­նա­ւանդ ժո­ղո­վուրդ է՝ իր պե­տա­կա­նու­թեամբ: Մեր սպա­սումն է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին ղե­կա­վար­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ լսե՛ն մեր ժո­ղո­վուր­դին, հե­տե­ւի՛ն մեր ժո­ղո­վուր­դի սպա­սում­նե­րուն, կա­րիք­նե­րուն, պա­հանջ­նե­րուն: Միա­ժա­մա­նակ՝ մեր սպա­սումն է, որ մեր ժո­ղո­վուրդն ալ լսէ իր կող­մէ ընտ­րո­ւած պե­տա­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, մօ­տե­ցում­նե­րը։ «­Հայ­րե­նի­քի հզօ­րա­ցու­մը մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար պէտք է ա­մէն բա­նէ վեր դի­տար­կո­ւի: Ի՞նչ ը­նել, ինչ­պէ՞ս ը­նել, որ­պէս­զի մեր հայ­րե­նի­քի պե­տա­կան հի­մե­րը ա­ւե­լի հզօ­րա­նան, մեր ժո­ղո­վուր­դի կեանքն ա­ւե­լի բա­րե­լա­ւո­ւի: Մենք բո­լորս Ս­փիւռ­քի մէջ եւս պէտք է այդ գի­տակ­ցու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւինք»։