«Հոլանտա Փառատօն»ը Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող կատարողական արուեստներու ամենահին եւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր փառատօններէն մէկն է: Այս տարի փառատօնը ներկայացուց Կոմիտասի ե րաժշտութիւնը՝ մեծ շեշտադրումով, եւ լայն անդրադարձ ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանէն «Կիւրճիեւ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, որ ելոյթ ունեցաւ «Միւզիքեփաու» եւ «Փոտիում մոզայիք» համերգասրահներուն մէջ: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկէնեան, նախաբանով մը, ներկայացուց Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքը եւ մանրամասնութիւնները Կոմիտասի նուիրուած նոր նախագիծի մը, որ կեանքի պիտի կոչուի յառաջիկային: Համերգի ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները, կատարողութեամբ դաշնակահարուհի Լուսինէ Գրիգորեանի եւ նոյն ստեղծագործութիւններու, ժողովրդական նուագարաններու համար, Լեւոն Իսկէնեանի կատարած փոխադրումները` «Կիւրճիեւ» համոյթի կատարմամբ:
«Տէ Պալի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ քննարկում` «Յիշողութեան արուեստը. Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելից» խորագրով, որուն ընթացքին դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Ամսթերտամի համալսարանի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու եւ մարդաբանութեան դասախօս դոկտ. Թոն Զվան: Հայոց Ցեղասպանութեան` իրենց գործունէութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին խօսեցան նկարիչ եւ բանաստեղծ Գրիգոր Մոմճեան եւ բեմադրիչ Թինա Պաստաճեան: Իսկ Կոմիտասի եւ «Կիւրճիեւ»ի գործերու կատարումով ելոյթ ունեցաւ «Կիւրճիեւ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, դաշնակահար Լեւոն Իսկէնեան: