Կար­սի քա­ղա­քա­պետ Մուր­թազ Քա­րա­չան­թան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­րած է Ա­նիի մէջ Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի «­Լոյս ի լու­սոյ» խո­րա­գի­րով հա­մեր­գին վե­րա­բե­րեալ։ Այս մա­սին կը յայտ­նէ ermenihaber.am:

Թր­քա­կան «gazetekars» լրա­տո­ւա­կա­նին հա­մա­ձայն՝ քա­ղա­քա­պե­տը յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշած է, որ շատ վի­րա­ւո­րո­ւած է: Քա­ղա­քա­պե­տը վի­րա­ւո­րո­ւած է ա­նոր հա­մար, որ Զ.Լ.Ն.նե­րուն մէջ Ա­նին յի­շա­տա­կո­ւած է Ա­նիի ա­ւե­րակ­ներ ա­նու­նով: Ըստ քա­ղա­քա­պե­տին` մա­մու­լը Ա­նին ա­ւե­րակ ո­րա­կե­լով կրնայ ազ­դել զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան ա­ճին վրայ:

Քա­րա­չան­թան կապ կը տես­նէ քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ Կար­սի ամ­րո­ցին մէջ հայ­կա­կան դրօշ պար­զե­լու եւ Հա­մա­սեա­նի հա­մեր­գին մի­ջեւ: «Ո­մանք Կար­սի բեր­դին վրայ հայ­կա­կան դրօշ կը պար­զեն, իսկ ա­տոր ի պա­տաս­խան կ’ը­սո­ւի` ինչ կայ որ, զբօ­սաշր­ջիկ­ներ են թող պար­զեն: Մէկն ալ կու գայ ե­րէ­կո­ւան պէս հա­մերգ կու տայ, կ’ը­սեն, թէ ինչ կայ որ, դաշ­նա­մուր կը նո­ւա­գէ: Լաւ, այդ պա­րա­գա­յին հարց մը տամ ձե­զի, քա­նի որ ա­րո­ւես­տը հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րե­ւոյթ է, ա­րո­ւես­տը ա­րո­ւես­տի հա­մար է, այդ պա­րա­գա­յին ին­չո՞ւ քա­հա­նա­յի հա­գուս­տով հա­մերգ կու տա­յին»,- նշո­ւած է քա­ղա­քա­պե­տի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:

Քա­րա­չան­թան վեր­ջա­ւո­րու­թեան ա­ւել­ցու­ցած է, որ ի­րենք ոե­ւէ մէ­կուն հետ խնդիր չու­նին, եւ թող ոչ մէկն ալ ի­րենց հետ խնդիր­ներ ու­նե­նայ: