Տիգրանակերտի Սուրբ Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ յայտ­նի հայ ե­րա­ժիշտ, ճազ-դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նած «­Լոյս ի լու­սոյ» հա­մեր­գա­շա­րի հեր­թա­կան ե­լոյ­թը ա­ռա­ջա­ցու­ցած է մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն:

Թր­քա­կան evrensel.netի հա­մա­ձայն`  մեծ թի­ւով մար­դիկ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած են ունկնդ­րե­լու հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եր­գե­րը` շա­րա­կան­ներն ու տա­ղե­րը Հա­մա­սեա­նի դաշ­նա­մու­րա­յին մշա­կու­մով:

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ա­մե­նա­մեծ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին հա­մա­րո­ւող Սուրբ Կի­րա­կո­սի մէջ՝ Հա­մա­սեա­նի եւ Յա­րու­թիւն Թօ­փի­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան կա­մե­րա­յին երգ­չա­խում­բի ե­լոյ­թը տե­ւած է ա­ւե­լի քան մէկ ժամ: Ժա­մա­նա­կա­կից Թուր­քիոյ տա­րած­քին «­Լոյս ի լու­սոյ»ի հա­մեր­գա­շա­րի մեկ­նար­կը տրո­ւած էր Յու­նիս 21ին` պատ­մա­կան հայ­կա­կան մայ­րա­քա­ղաք Ա­նիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մեր­գով: Յու­նիս 23ին հա­մեր­գը կա­յա­ցած էր Վա­նի Աղ­թա­մար կղզիի Սուրբ Խաչ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ առ­ջեւ:

Յու­նիս 27ին ա­նի­կա պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի Կայ­սե­րիի (հայ­կա­կան Կե­սա­րիա) Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Յու­նիս 29ին` Թուր­քիոյ միակ հայ­կա­կան Վա­քըֆ գիւ­ղի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: Նա­խա­գի­ծի ա­ւար­տը Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­նիս 30ին Պոլիս` ճա­զա­յին փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս: