Յու­նիս 24ին Վե­նե­տի­կի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, «Ա­րե­ւե­լեան կողմն աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւն թող ըլ­լայ» ա­նո­ւա­նու­մով բե­մադ­րու­թիւն մը պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի: Ա­նո­ւա­նու­մը ընտ­րուած է Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի «Ան­դաս­տան» բա­նաս­ տեղ­ծու­թեան ա­ռա­ջին տո­ղե­րու հի­ման վրայ:

Բե­մադ­րու­թիւ­նը նա­խա­ձեռ­նած է Վե­նե­տի­կի Մ­խի­թա­րեան Միա­բա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ջակ­ցած են բա­րե­րար­ներ Ջո­զէֆ եւ Ջէն­նի Ու­կուր­լեան­նե­րը: Մուտ­քը ա­զատ պի­տի ըլ­լայ: Ըստ Վե­նե­տի­կի թա­տե­րա­կան նո­րու­թիւն­նե­րու Cultura Spettacolo Venezia կայ­քի՝ բե­մադ­րի­չը Մար­կօ Պել­լու­սին է, իսկ մաս­նա­կից­նե­րէն մէ­կը` Օ­թա­ւիա Փի­կո­լօ, որ 1970 թո­ւա­կա­նին Քան­նի շար­ժան­կար փա­ռա­տօ­նին մրցա­նակ ստա­ցած է լա­ւա­գոյն կա­նա­ցի դե­րի հա­մար:

Հե­ղի­նակ­նե­րը ի­րենց պատ­կե­րա­ցու­մը կը ներ­կա­յաց­նեն 1915 թուա­կա­նին սկսած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին: Պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին ա­կա­նա­տես­նե­րու յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը, հա­տո­ւած­ներ՝ հայ, թուրք եւ գեր­մա­նա­ցի հե­ղի­նակ­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան եւ թրքա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր: Աղ­բիւ­րին հա­մա­ձայն, բե­մադ­րու­թեան սիւ­ժէն ոչ միայն յի­շո­ղու­թեան ներ­կա­յա­ցում է, այ­լեւ՝ երկ­խօ­սու­թեան մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու փորձ:

Բե­մադ­րու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին տու­տու­կա­հար Ա­րամ Ի­փեկ­ջեան, ինչ­պէս նաեւ Gaspard Edesse վո­կալ հա­մոյ­թը` Եուս­տին Ռա­պա­չո­լիի ղե­կա­վա­րու­թեամբ: