Թուրքիոյ մէջ կը վերակառուցուին Կիլիկեան Հայաստանի տարածքին` Ատանայի մէջ գտնուող Սեւ եկեղեցին (Kara Kilise) եւ Ֆեքէ ամրոցը: Ըստ Ermenihaber.amի՝ թրքական «Milliyet» պարբերականի վկայու թեամբ, վերակառուցման աշխատանքները գրեթէ աւարտած են:
Ատանայի Սիւլեմիշլի շրջանի թաղապետ Հասան Կեզեր տեղեկացուցած է, որ վերակառուցման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ եւ աւարտին պիտի հասնին մինչեւ տարեվերջ: Կեզեր նշած է, որ վերջերս տեղացի եւ օտարազգի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նկատուի դէպի եկեղեցի եւ ամրոց: Անոր կարծիքով զբօսաշրջիկներու թիւը պիտի աճի, եթէ հիւրընկալելու համար համապատասխան կառոյցներ ըլլան:
Ամրոցի վերկանգնողական աշխատանքներով զբաղող հնագէտ Ատէմ Եըլտըզտ կ՛ընդգծէ, որ 1000ականներուն կառուցուած ամրոցը գտնուած է Փոքր Հայաստանի կամ Կիլիկեան Հայաստանի տարածքին:
«Ամրոցի հարեւանութեամբ կը վերականգնուի նաեւ Սեւ եկեղեցին, որ կապուած եղած է տարածքին մէջ գտնուող 14 այլ եկեղեցիներու հետ: Կը վերականգնուին նաեւ քանի մը այլ ամրոցներ, որոնք Ֆեքէ ամրոցի հետ ընդհանուր շղթայ կը կազմեն եւ այդ շղթային մէջ Ֆեքէ ամրոցի դերը շատ մեծ է: Այս ամրոցը շատ տպաւորիչ է իր պատմութեամբ եւ գեղեցկութեամբ: Անիկա կառուցուած է անհաւատալի եւ իւրայատուկ ճարտարապետական հնարքներով` շատ հետաքրքրական ձեւով վերամշակուած քարերէ»,- նշած է հնագէտը: