«Թայմ» կը գրէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Կիրակի օր, Յունիս 21ին քննադատած է գեր-տէրութիւնները՝ 20րդ դարուն տեղի ունեցած կոտորածները կանխարգիլելու համար ոչինչ ընելու եւ լուռ մնալու մեղադրանքով: Հռոմի Եպիս կոպոսապետը նշեալ քննադատութիւնները կատարած է Թուրին կատարած այցելութեան ընթացքին, երբ ան պատմած է երիտասարդներուն, թէ կը հասկնայ, որ ինչո՞ւ անոնք կը դժուարանան վստահելու աշխարհին:
Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան, Համաշխարհային Բ. Պատերազմին, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ մէջ Ստալինի օրով գործող ԿՈՒԼԱԿներուն (ճամբարներու եւ կալանավայրերու գլխաւոր վարչութիւն):
Ան դատապարտած է գեր-տէրութիւնները ոչինչ ձեռնարկելու համար, երբ բոլոր տեղեկութիւնները կը մատնանշէին, որ Եւրոպայի մէջ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն հրեաները, քրիստոնեաները, միասեռականները եւ ուրիշներ կ՛ուղարկուէին մահուան ճամբարներ:
«Գեր-տէրութիւնները ունէին լուսանկարները երկաթուղիներու, որոնց միջոցով շոգեկառքերը կ՛երթային Աուշվից` հրեաներուն, քրիստոնեաներուն, միասեռականներուն, բոլորին սպաննելու: Ինչո՞ւ անոնք չռմբակոծեցին այդ երկաթուղիները»,- հարց տուած է Պապը:
Ան խօսած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` զայն անուանելով «Հայաստանի մեծ ողբերգութիւն»: «Նախորդ դարուն այդքան շատ, միլիոնաւոր հայեր մահացած են: Բայց ո՞ւր էին գեր-տէրութիւնները այդ ժամանակ: Անոնք այլ ուղղութեամբ կը նայէին»,- ըսած է Պապը:
«Թայմ» կը յիշեցնէ, որ Ապրիլին Պապը զայրացուցած էր Թուրքիան, երբ օգտագործած էր «ցեղասպանութիւն» եզրը՝ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը բնութագրելու համար։
Պապը երիտասարդներուն յայտնած է, որ այսօրուան աշխարհին մէջ «ամէն ինչ կը կատարուի գումարի (նիւթականի) համար»: Ան քննադատած է անոնց, որոնք խաղաղութիւն քարոզելով` զէնք կ՛արտադրեն եւ կը վաճառեն: