Ուրբաթ՝ 19 Յունիս 2015ին, ֆրանսական խորհըրդարանի հրապարակային ձեռնարկներու յատուկ սրահին մէջ, Հայ Դատին նուիրուած համագումարին բացումը կատարելով` Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատին նպատակը յստակ է.- Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձն է»:
«Արդ, դատավարական ընթացքին առնչուած մօտեցումները պէտք չէ շփոթել դատի նպատակին հետ: Այս նպատակը իրագործելու համար ճշդուած է սկզբունքային երկու մօտեցում` կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձ եւ կաթողիկոսարանին մէջ կրօնական արարողութիւն կատարելու իրաւունքի վերահաստատում:
«Այս երկրորդ կէտը կենսական է հետեւեալ պատճառներով.-
«Ա.) Կրօնական պաշտամունքի իրաւունքի վերահաստատումը բնական ընթացքով նաեւ կ’ենթադրէ կաթողիկոսարանի կալուածին վերադարձը:
«Բ.) Փոքրամասնութիւններու կրօնական պաշտամունքի իրաւունքներուն անդրադարձ եղած է Լօզանի դաշնագիրին մէջ:
«Գ.) Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը յատուկ զգայնութիւն կը ցուցաբերէ կրօնական խղճի ազատութեան նկատմամբ»:
Բացման նիստին խօսք առնելով՝ Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական Կուսակցութեան երեսփոխաններու խմբակցութեան նախագահ եւ նախկին վարչապետ Պրունօ Լերու վերահաստատեց Ֆրանսայի ժողովուրդին ու կառավարութեան զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին եւ անոր արդար դատին: Արամ Ա. Կաթողիկոսի ֆրանսերէնով ներկայացուցած ատենախօսութիւնը բաղկացած էր երեք բաժիններէ.-
Առաջին մասին մէջ Վեհափառ Հայրապետը՝ շեշտելով հանդերձ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, կոչ ուղղեց առաջնահերթութիւն տալու մեր պահանջատիրութեան հատուցման երեսին:
Երկրորդ բաժինով Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ անդրադառնալով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Փետրուար 2012ին հատուցման գծով տեղի ունեցած միջազգային համագումարին, ուրուագծային կերպով ներկայացուց յատկապէս եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձին առնչուած շարք մը կարելիութիւններ ու դժուարութիւններ: Վեհափառ Հայրապետի ատենախօսութեան վերջին կէտը առնչուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը կարգ մը տեղեկութիւններ փոխանցեց, ինչպէս նաեւ յստակացումներ եւ ընդգծումներ կատարեց.-
«Սովորական դատ մը չէ մեր դատը եւ ո՛չ ալ կտոր մը հող վերադարձնելու միտող մասնակի դատ մը: Նկատի ունենալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կրօնական, ազգային ու քաղաքական իմաստը եւ անոր ունեցած խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւնը, մենք ուզեցինք զայն նկատի առնել իբրեւ առաջին հանգրուանը հայ ժողովուրդի եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջին: Մեր մօտեցման մէջ ռազմավարական ու մարտավարական տուեալները, ինչպէս նաեւ առկայ իրաւական ու քաղաքական խոչընդոտները առաւելագոյն չափով սերտուեցան մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբին կողմէ:
«Կը հաւատանք, որ իրաւական այս քայլը նոր ուժականութիւն պիտի տայ մեր պահանջատիրութեան՝ զայն բանալով նոր հորիզոններու դիմաց»,- շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը: