altՅու­նիս 13ին, Մար­սի­լիոյ 4րդ­ եւ 5րդ շր­ջան­նե­րու քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ Մար­սի­լիոյ հայ հա­մայն­քի միաս­նա­կան ջան­քե­րով, ինչ­պէս նաեւ Մար­սի­լիոյ մէջ Հ.Հ. գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ «­Սի­տի-Պրա­հիմ» պու­րա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող խաչ­քա­րի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն յա­ջոր­դած է օրհ­նու­թեան եւ օծ­ման կարգ` Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­նե­րու ձե­ռամբ։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղած են 4րդ­ եւ 5րդ շր­ջան­նե­րու ծե­րակու­տա­կան-քա­ղա­քա­պետ Պ­րու­նօ Ժի­լ, Մար­սի­լիոյ մէջ Հ.Հ. հիւ­պա­տոս Սա­մո­ւէլ Լա­լա­յեա­ն, փոխ-­քա­ղա­քա­պետ­ներ, տե­ղա­կան կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ֆրան­սա­կան եւ հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ­ներ, լրագ­րող­ներ, հայ հա­մայն­քի բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

­Մար­սի­լիոյ 4րդ­ եւ 5րդ շըր­ջան­նե­րու հայ փոխ­քա­ղաքա­պետ Ար­թիւր Օ­հան­նէ­սեան իր խօս­քին մէջ բա­ցատ­րած է խաչ­քա­րին խոր­հուր­դը հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին եւ հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ` միա­ժա­մա­նակ նշե­լով, որ խաչ­քա­րը նո­ւի­րո­ւած է ոչ միայն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն, այ­լեւ ա­րե­ւե­լեան քրիս­տո­նեայ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք սար­սա­փե­լի փոր­ձու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն ան­ցած են: