Թէեւ իշխանաւոր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան պատգամաւոր Մարգար Եսայեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ խոստացած էր, որ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «
Քամփ Արմէն» հայկական որբանոցի սեփականութիւնը պիտի վերադարձուի հայկական կողմին, սակայն այդ ուղղութեամբ դեռ որեւէ բան չէ ձեռնարկուած:
Պատահական չէ, նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ «Նոր Զարթօնք» հայկական միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ նշելով, որ, ըստ երեւոյթին, հայկական որբանոցի անունը Եսայեան օգտագործած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ներկայացուցած կուսակցութեան քարոզարշաւը իրականացնելու համար:
Որբանոցի ոչնչացման դէմ պայքարի մասնակիցները, սակայն, կը շարունակեն գիշերել որբանոցին մէջ եւ կազմակերպել տարբեր ձեռնարկներ՝ կանխելու որբանոցը ոչնչացնելու հնարաւոր հերթական փորձը: Անոնք նաեւ իրենց աջակցելու կոչ կ’ուղղեն համայն հայութեան: «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան գործիչները եւ «Քամփ Արմէն» զօրակցութեան շարժման անդամները 19 օր շարունակուող նստացոյց կ’իրականացնեն՝ պահանջելով դադրեցնել շէնքի քանդումն ու վերադարձնել որբանոցը իրական տէրերուն: Մայիս 24ին «Նոր Զարթօնք» հասարակական կազմակերպութենէն Ալեքսիս Քալք յայտարարած էր.-
«Քամփ Արմէն» պիտի նուիրաբերուի Կետիկ փաշա շրջանի հայ բողոքական եկեղեցւոյ եւ դպրոցական հիմնադրամին: Մենք կը հետեւինք սեփականութեան փոխանցման գործընթացին եւ մեր շարժումը կը շարունակուի, մինչեւ որ աւարտի ողջ պաշտօնական գործընթացը»,- ըսած է Քալք:
Ճամբարին մէջ մեծցած գործիչներն ու հայ որբերը յայտնած են իրենց ցանկութիւնը, որպէսզի ճամբարը կրկին ծառայէ հայ որբերուն: «Քամփ Արմէն» կառուցուած է 1915 թուականի ցեղասպանութենէն ետք: Որբանոցի շէնքի կառուցման ժամանակ աշխատած են իրենք` որբ երեխաները: ճամբարը օգնած է հայերուն պահպանելու իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն, որովհետեւ այդ ժամանակ հայ երեխաներուն համար չկար որեւէ հասանելի դպրոց: Յայտարարուած էր, որ հին շէնքը պիտի վերանորոգուի եւ օգտագործուի իբրեւ մանկատուն 150 հայ երեխաներու համար: