Գիւմրեցի Սեդա Թութխալեան, որ մաս կը կազմէ մարմնամարզութեան կիներու Ռուսիոյ հաւաքականին, դարձած է Պաքուի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական մարզական խաղերու խմբային ախոյեան: Ռուսիոյ եռեակը հաւա
քած է 116.897 միաւոր՝ շրջանցելով Գերմանիան (110.397) եւ Հոլանտան (110.099)։ Ռուսիոյ հաւաքականին մաս կը կազմէին նաեւ Վիքթորիա Քոմովա եւ Ալիյա Մուսթաֆինա: 15ամեայ Սեդա Թութխալեան 2015ի պատանեկան ողիմպիական ախոյեան է: Ան սամպոյի աշխարհի եւ Հայաստանի եռակի ախոյեան Գուրգէն Թութխալեանի դուստրն է: Սեդա 7 տարեկանէն Մոսկուայի մէջ սկսած է մարզուելու: