Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանի Բարձրագոյն Մարմինը Հայաստանը դատապարտած է վնասուց հատուցում վճարելու այն ամբաստանութեամբ, որ կը խոչընդոտէ ատրպէյճանցի գաղթական ներու իրենց տուները վերադարձը:
Մ.Ի.Ե.Ա.ն իր այս որոշումը հիմնած է Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Համաձայնագրին մէջ անշարժ եւ շարժուն գոյքերու պաշտպանութեան վերաբերող Ա. արձանագրութեան թիւ 1 յօդուածի, անձնական եւ ընտանեկան կեանքի յարգանքի մասին 8րդ յօդուածի եւ դիմում կատարելու իրաւունքի 13 յօդուածներու բռնաբարման փաստին վրայ:
Մ.Ի.Ե.Ա. յայտարարած է նաեւ, թէ վնասուց հատուցման չափը պիտի ճշդէ յառաջիկային:
Բողոքարկու վեց Ատրպէյճանցիները, 1992ին՝ յետպատերազմեան օրերուն, ներկայիս հայոց վերահսկողութեան ենթակայ՝ Լաչինի շրջանի իրենց տուները եւ հողերը լքել ու հեռանալու պարտադրուած ըլլալու պնդումով՝ 2005ին դատի դիմած էին Մ.Ի.Ե.Ա.ի մօտ:
Այս զարգացումը կրնայ հետաքրքրել ատրպէյճանցի հարիւր հազարաւոր գաղթականներ: