Շնորհակալութեամբ ստացանք Արփիկ Միսաքեանէն ¥Փարիզ¤ Շաւարշ Միսաքեանի «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» գիրքը։

Գիրքի յառաջաբանին կը նշուի, թէ Շաւարշ Միսաքեանի ձերբակալութեան ու բանտի տարիներու յուշագրութեան դրդապատճառ եղած է թուրք ոստիկանապետ Ալի Րիզայի յուշերուն հրատարակութիւնը թրքական «Զաման» թերթին մէջ (1935 Մարտ 30, 31, Ապրիլ 1-5)։ Յատկապէս այդ յուշերուն այն բաժինը, որ կը վերաբերի Շաւարշ Միսաքեանի։

Ալի Րիզայի յուշերը նշուած աղբիւրէն թարգմանաբար լոյս տեսած են «Յառաջ»ի մէջ, նոյն տարուան Ապրիլ 14, 16-20 թիւերուն մէջ, «Նիւթեր պատմութեան համար» վերտառութեամբ եւ «Շաւարշ Միսաքեանի ձերբակալութիւնը» խորագրով։ Փակագծեալ ենթախորագիրով աւելցուած է ՝ «Թուրք ոստիկանապետի մը յուշերը»։

Այս յուշագրութեան վերջին էջին կցուած է «Յառաջ»ի խմբագրութեան հետեւեալ նոթը. «Շաւարշ Միսաքեան յաջորդ շաբթու իր լուսաբանութիւնները պիտի հրատարակէ այս յուշերուն առթիւ, բանալով զանազան ծալքերը ամբողջ դէպքին»։

Շաւարշ Միսաքեանի «լուսաբանութիւնները» սկսած են հրատարակուիլ 1935 Մայիս 5էն, նոյն վերտառութեան տակ եւ «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» խորագրով։ Շարունակուած են մէկ¬երկու ընդհատումով եւ աւարտած են Յունիս 18ին։ Յուշագրութիւնը զետեղուած է երրորդ էջին վարը, մեծ մասով վեց սիւնակի վրայ։

1957 Յունուարին Շաւարշ Միսաքեանի մահուան առիթով նոյն զոյգ յուշագրութիւնը, նոյն յաջորդականութեամբ, վերահրատարակուած է «Յառաջ»ի մէջ, Փետրուար 12էն սկսեալ։ Նախ՝ տրուած է խմբագրական ծանօթութեան բաժին մը, ուր կþըսուի, թէ Ալի Րիզայի «Զաման»ի մէջ լոյս տեսած յուշերը ունէին «Ինչե՜ր տեսայ, ինչե՜ր անցուցի ոստիկանական կեանքիս մէջ» խորագիրը։ Շեշտուած է նաեւ, թէ Ալի Րիզա փոխ տնօրէնն էր թրքական ոստիկանական վերատեսչութեան քաղաքական բաժնին եւ ան էր, որ պետին՝ Րեշատին հետ 1915 Ապրիլին ձերբակալեց հայ մտաւորականները։ «Նոյն այս Ալի Րիզան էր, դարձեալ, որ երկար հետապնդումէ ետք, պուլկար մատնիչի մը մեղսակցութեամբ յաջողեցաւ ձերբակալել նաեւ Շաւարշ Միսաքեանը։ Ան էր դարձեալ, որ անպատմելի չարչարանքներու ենթարկեց Շաւարշ Միսաքեանը, խոստովանութիւններ կորզելու համար բերնէն։

Ժամանակին Շաւարշ Միսաքեան կարդալով այս յուշերը, «ընդհանուր գիծերուն մէջ ճիշդ գտնելով հանդերձ՝ հարկ տեսաւ լրացնելու»։

Այդ ծանօթագրութեան հետեւած է Ալի Րիզայի յուշերուն Շաւարշ Միսաքեանի առնչուած բաժինը, ապա՝ Շաւարշ Միսաքեանի յուշագրութիւնը։

1957ին նոյն յուշագրութիւնը հատորով լոյս տեսած է «Ազդակ» մատենաշարով ¥թիւ 80¤, Պէյրութի մէջ, բայց առանց Ալի Րիզայի յուշերու հատուածին։

Այս հրատարակութեան համար հիմ առնուած է «Յառաջ»ի 1935ի հրատարակութիւնը, քանի ձեռագիրը չէ պահպանուած։ Մանր¬մունր տպագրական վրիպակներէն զատ որեւէ փոփոխութիւն չէ կատարուած։