-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-

Լոս Անճելըսի շարժանկարի փառատօնին այս տարի կը ցուցադրուի քաղաքի հայ համայնքին մասին պատմող ամերիկեան առաջին անկախ տռամաթիք ժապաւէնը՝ «Արամ Արամ»: Բեմադրիչն ու բեմագրութեան հեղինակը ամերիկացի Քրիտոսֆըր Չեմբըրզն է: Ընտանեկան ողբեր գութիւն մը պատճառ կը դառնայ, որ 12ամեայ Արամ Պէյրութէն տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ՝ բնակութիւն հաստատելով մեծ հօր մօտ: Արամ կը փորձէ համակերպիլ կեանքի նոր պայմաններուն՝ պայքարելով աւանդական արժէքներու եւ իրեն անծանօթ մշակոյթին կողմէ պարտադրուող օրէնքներու միջեւ: «Փոքրիկ Հայաստան» թաղամասը ապրելով՝ ժապաւէնին փոքրիկ հերոսը կը յայտնուի տարբեր խմբաւորումներու բախման կեդրոնը, ինչ որ կը սպառնայ անոր ապագային: Արամի կերպարը մարմնաւորած է ամերիկահայ պատանի Ջոն Ռուհինեան, որ արդէն հասցած է նկարահանուելու «Ֆոքս» հեռուստաընկերութեան հեռատեսիլի հաղորդաշարներէն մէկուն մէջ: Արամի պապիկին դերով հանդէս եկած է հայ անուանի դերասան Լեւոն Շարաֆեան: Լոս Անճելըսի բնիկ Քրիտոսֆըր Չեմբըրզ կը պատմէ, որ երբեք չէ հանդիպած քաղաքին մէջ զգալի ներկայութիւն ունեցող ամերիկահայերու մասին պատմող շարժանկարի ժապաւէնի: «Ինձ մշտապէս հետաքրքրած է հայ համայնքը, որ կ’ապրէր առաւել մեկուսացած, եւ կային որոշակի կարծրատիպեր հայերու մասին»,- կը նշէ Չեմբըրզ: «Արամ Արամ» ժապաւէնը առաջին անգամ պիտի ցուդադրուի Լոս Անճելըսի փառատօնին՝ Յունիսի 14ին: