altՅու­նիս 18-28ին, Փ­րա­կա­յի 13րդ շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին քա­ռա­մեայ փա­ռա­տօ­նին, Հա­յաս­տան պի­տի ներ­կա­յա­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած «­Կար­միր կար­կուտ» բե­ման­կար­չա­կան բե­ մադ­րու­թեամբ: Փա­ռա­տօ­նը բե­մա­կան ձե­ւա­ւոր­ման աշ­խար­հի խո­շո­րա­գոյն փա­ռա­տօնն է, զոր կը կազ­մա­կեր­պեն Չե­խիոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւնն ու Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւ­նը: Ա­նի­կա կ’ի­րա­կա­նա­ցո­ւի 4 տա­րին ան­գամ մը: 1967էն ի վեր փա­ռա­տօ­նին ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րով ներ­կա­յա­ցած են այն­պի­սի յայտ­նի ա­նուն­ներ, ինչ­պի­սիք են Սալ­վա­տոր Տա­լի, Օս­քար Նի­մէ­յեր, ժո­զէֆ Սո­ւո­պո­տա, Ռո­պերթ Ո­ւիլ­սըն եւ այլք: Հա­յաս­տան Փ­րա­կա­յի Քո­ւատ­րի­նա­լէին ա­ռա­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցած է 2011ին՝ բե­ման­կա­րիչ Նել­լի Բար­սե­ղեա­նի ջան­քե­րով: 2015ին մեր եր­կի­րը դար­ձեալ ի­րա­ւունք ստա­ցաւ մաս­նակ­ցե­լու, այս ան­գամ «­Կար­միր կար­կուտ» բե­ման­կար­չա­կան բե­մադ­րու­թեամբ, ո­րուն հե­ղի­նակ-հա­մադ­րող­ներն են բե­ման­կա­րիչ­ներ Լի­լիթ Ս­տե­փա­նեան եւ Նել­լի Բար­սե­ղեան, ե­րաժշ­տու­թեան հե­ղի­նակ՝ աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ, ե­րաժշ­տա­հան Տիգ­րան Հա­մա­սեանն ու լու­սան­կա­րիչ, բե­մադ­րիչ Վա­հան Սե­փա­նեան:

«­Կար­միր կար­կուտ»ը ստեղ­ծո­ւած է Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի ե­րաժշ­տու­թեան եւ Հա­յե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րած նոր­վե­կու­հի մի­սիո­նա­րու­հի Պո­տիլ Կա­տա­րի­նէ Պիոր­նի կող­մէ ե­ղած մէկ վա­ւե­րագ­րա­կան լու­սանկա­րի հի­ման վրայ: