­altՅու­նիս 8ին Թի­ֆ­լիս ժա­մա­նած էր ­Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ Է­դո­ւարդ ­Մի­լի­տո­նեա­ն` Գրող­նե­րու Միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ու­ղեկ­ցու­թեամբ: Այ­ցի նպա­տա­կը ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի թիֆ­լի­սեան բնա­կա­րա­նը ամ­ բող­ջա­կան տես­քով ­Վի­րա­հա­յոց թե­մին փո­խան­ցելն էր: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­Հա­յերն Այ­սօր»ը:

­Հիւ­րե­րը «­Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նին մէջ ­Կո­մի­տա­սի նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սը դի­տե­լէ ետք, այ­ցե­լե­ցին ­Խո­ջի­վան­քի հայ գրող­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պան­թէոն` ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հե­լու Ա­մե­նայն Հա­յոց Բա­նաս­տեղծ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի  եւ ազ­գի միւս մե­ծե­րու շի­րիմ­նե­րուն:

Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գա­հը եւ ­Վի­րա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դը, թիֆ­լի­սա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նէու­թեան հետ միա­սին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցան դէ­պի ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի թիֆ­լի­սեան բնա­կա­րան, ուր ա­նոնց միա­ցան Վ­րաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան խորհր­դա­կան ­Կա­րէն ­Մե­լի­քեա­ն, Վ­րաս­տա­նի գրող­նե­րու միու­թեան քար­տու­ղար ­Մա­ղո­ւա­լա ­Գո­նաշ­վի­լի, «­Ցիս­կա­րի» ամ­սագ­րի խմբա­գիր, գրող ­Պա­ղա­թեր Ա­րա­պու­լի եւ այ­լոք:

­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի տան մէկ մա­սը, գրա­դա­րա­նի վե­րա­ծո­ւած 150 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րած­քը, 2012 թուա­կա­նին, ­Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան եր­ջան­կա­յի­շա­տակ նա­խա­գահ ­Լե­ւոն Ա­նա­նեա­նի ան­դուլ ջան­քե­րով, ձեռք բե­րո­ւած էր ­Գիւմ­րիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ ­Վար­դան ­Ղու­կա­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ:
­Տան ամ­բող­ջա­կան տես­քով ձեռք բեր­ման հար­ցը կը գտնո­ւէր Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ու­շադ­րու­թեան ներ­քոյ եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նէր նաեւ Վ­րաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը: Եւ միայն վեր­ջերս` 2015 թո­ւա­կա­նին, ­Վի­րա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի դի­մու­մով, «­Սուրբ ­Գէորգ» ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով գնո­ւե­ցաւ նաեւ շէն­քի ժա­ռանգ­նե­րուն մնա­ցած մա­սը եւ նա­խօ­րօք ձեռք բե­րո­ւած հա­տո­ւա­ծին հետ միա­սին ամ­բող­ջա­կան տես­քով նո­ւի­րա­բե­րո­ւե­ցաւ թե­մին` որ­պէս սե­փա­կա­նու­թիւն:

Եր­կու եր­կիր­նե­րու գրող­նե­րու միու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մը խորհր­դան­շա­կա­նօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս այս տա­ն մէջ:

Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ Է­դո­ւարդ ­Մի­լի­տո­նեա­նը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս ­Վի­րա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Տէր ­Վազ­գէն Ե­պիս­կո­պոս ­Միր­զա­խա­նեա­նի յանձ­նեց տան բա­նա­լի­նե­րը: ­Տու­նը այ­սու­հե­տեւ պի­տի կո­չո­ւի «Մ­շա­կոյ­թի եւ ա­րո­ւես­տի ­Թու­մա­նեա­նա­կան ­Վեր­նա­տուն» եւ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած պի­տի ըլ­լայ եր­կու քրիս­տո­նեայ ազ­գե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման եւ խո­րաց­ման: ­Պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւին գիր­քե­րու քննար­կում-շնոր­հան­դէս­ներ, հայ եւ վրացի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, մշա­կու­թա­յին տար­բեր ձեռ­նարկ­ներ: ­Շէն­քին մէջ պի­տի գոր­ծէ դահ­լիճ, քա­ռա­լե­զու գրա­դա­րան, Հ.Բ.Ը.Մ. Virtual հա­մալ­սա­րա­նը, իսկ սե­նեակ­նե­րէն մէ­կը պի­տի կրէ ­Լե­ւոն Ա­նա­նեա­նի ա­նու­նը:

Շ­նոր­հա­ւո­րան­քի ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Վ­րաս­տա­նի գրող­նե­րու միու­թեան քար­տու­ղար ­Մա­ղո­ւա­լա ­Գո­նաշ­վի­լի, Վ­րաս­տա­նի հայ գրող­նե­րու «­Վեր­նա­տուն» միու­թեան նա­խա­գահ ­Գէորգ Սնխ­չեա­ն, Վ­րաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան խորհր­դա­կան ­Կա­րէն ­Մե­լի­քեա­ն, բա­նաս­տեղծ-թարգ­մա­նիչ ­Գի­ւի ­Շահ­նա­զա­ր, գրող, թարգ­մա­նիչ Ա­նա­հիտ ­Բոս­տան­ջեա­ն:

­Վի­րա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Տէր ­Վազ­գէն Ե­պիս­կո­պոս ­Միր­զա­խա­նեա­ն իր օրհ­նու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի խօս­քին մէջ օ­րը ա­նո­ւա­նեց պատ­մա­կան, քան­զի Ա­մե­նայն Հա­յոց Բա­նաս­տեղ­ծի բնա­կա­րա­նը շու­տով պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր նպա­տա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան եւ ­Թե­մի ա­նու­նով ստանձ­նեց անհ­րա­ժեշտ վե­րա­նո­րոգ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, անհ­րա­ժեշտ գոյ­քով եւ կա­հա­ւո­րան­քով ա­պա­հով­ման պար­տա­ւո­րու­թիւն:

Այ­նու­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ Է­դո­ւարդ ­Մի­լի­տո­նեա­ն եւ Վ­րաս­տա­նի գրող­նե­րու միու­թեան քար­տու­ղար ­Մա­ղո­ւա­լա ­Գո­նա­շո­ւի­լի ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին յու­շա­գիր, ո­րուն միա­ցան Վ­րաս­տա­նի Հայ Գրող­նե­րու «­Վեր­նա­տուն» միու­թիւ­նը, «­Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նը, ­Հայ-վրա­ցա­կան մշա­կու­թեա­յին կա­պե­րու «­Կա­մուրջ» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը:

Յ.Գ. ­Հայ մեծ գրող ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի ­Թիֆ­լի­սի տու­նը կը գտնո­ւի Ա­մաղ­լե­բայ (նախ­կին` ­Դա­ւի­թաշ­վի­լի) փո­ղո­ցի 18 հաս­ցէին մէջ, ուր ապ­րած է ­Թու­մա­նեա­ն 1909-1923 թո­ւա­կան­նե­րուն, իսկ 1952ին տան ի­րե­րը տե­ղա­փոխո­ւած են Ե­րե­ւան:

6 սե­նեակ­նե­րէն 4ը վե­րա­ծո­ւած էին գրա­դա­րա­նի, իսկ միւս 2ը` մնա­ցած էին գրո­ղի ժա­ռանգ­նե­րուն: Ան­կա­խա­ցու­մէն ետք ­Թիֆ­լի­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ո­րոշ հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով գրա­դա­րա­նա­յին մա­սը փո­խան­ցած էր Վ­րաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիի մը, ուր­մէ եւ հարկ ե­ղաւ ձեռք բե­րել զայն: