Հինգ­շաբ­թի՝ 4 Յու­նիս 2015ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Գա­նա­տա­յի Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գահ Լէօ Յու­սա­քո­սի հետ եւ շնոր­հա­ւո­րեց Յու­սա­քո­սը իր նոր պաշ­տօ­նին նշա­նա­կու­ելու ա­ռի­թով:

Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գա­հը իր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին եւ խօ­սե­ցաւ Գա­նա­տա­յի ծաղկ­ման մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին բե­րած ներդ­րու­մին եւ իբ­րեւ կազ­մա­կերպ հա­մայնք ունե­ցած կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դար­ձաւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ներ­կայ կա­ցու­թեան` զայն ո­րա­կե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին վտանգ եւ ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցուց, որ յա­տուկ ծրա­գիր մը մշա­կո­ւի եւ գոր­ծադ­րո­ւի դի­մագ­րա­ւե­լու ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան ե­րե­ւոյ­թը:

Խօ­սե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին` Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ.- «­Ցե­ղաս­պա­նութիւ­նը պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն մըն է, ի՛նչ ալ ըլ­լան քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու կե­ցո­ւածք­նե­րը, ա­նի­կա չի դադ­րիր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ըլ­լա­լէ»:

Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գա­հը բաժ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին տե­սա­կէտ­նե­րը: Ա­պա հարց տո­ւաւ, թէ այ­սօր ե­կե­ղե­ցին ի՞նչ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պա­տաս­խա­նե­լով Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գա­հին հար­ցում­նե­րուն ը­սաւ.- «Ե­կե­ղե­ցին պէտք է հա­ղոր­դա­կից ըլ­լայ իր ժո­ղո­վուր­դին հետ:

Այ­սօր զա­նա­զան ըն­կե­րա­յին եւ բա­րո­յա­կան հար­ցեր կան, ո­րոնց մա­սին ե­կե­ղե­ցին պէտք է խօ­սի հո­վո­ւա­կան մօ­տե­ցու­մով` միշտ կառ­չած մնա­լով իր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ ար­ժէք­նե­րուն:

Մենք նաեւ երկ­խօ­սու­թեան մէջ պէտք է մտնենք ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ եւ փոր­ձենք հասկ­նալ ա­նոնց մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, միշտ յա­տուկ ճիգ թա­փե­լով ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մօ­տեց­նելու ե­կե­ղեց­ւոյ»: