Չորեքշաբթի՝ 3 Յունիս 2015ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ, Գանատա, հանդիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի հետ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր գնա հատանքը յայտնեց Գանատայի ժողովուրդին ու կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իրենց որդեգրած յստակ կեցուածքին համար: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Սուրիայէն ներս տիրող կացութեան առնչութեամբ, եւ կոչ ուղղեց Գանատայի պետութեան՝ աւելի գործօն կերպով օժանդակելու սուրիական տագնապի լուծման ու քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանութեան:
Հանդիպումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրեց վարչապետ Սթիվըն Հարփըրը, առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան: Պաշտօնական այցի ընթացքին նախ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Գանատայի վարչապետին միջեւ։ Ապա՝ հանդիպման միացաւ Նորին Սրբութեան գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Տէր-Ղազարեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: