­«­Սու­րիոյ հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վար­նե­րը չեն խո­չըն­դո­տեր, որ սու­րիա­հա­յե­րը լքեն Սու­րիան»,- 168.amի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սած է Բե­րիոյ թե­մի մամ­լոյ բան­բեր Ժի­րայր Ռէ­յի­սեան՝ անդ­րա­դառ­նա­լով մա­մու­լի է­ջե­րուն շրջա­ նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւած այն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն, թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն Դա­մաս­կոս կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի կե­ցո­ւած­քին պատ­ճա­ռով, չէ քննար­կո­ւած տե­ղա­փոխ­ման հար­ցը այն սու­րիա­հա­յե­րուն, ո­րոնք կը ցան­կան լքել Սու­րիան:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ին­չո՞ւ հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վար­նե­րը կը խո­չըն­դո­տեն սու­րիա­հա­յե­րուն Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լու ըն­թաց­քը, Ռէ­յի­սեան պա­տաս­խա­նած է, թէ նման ո­րա­կում­ներ տա­լը սխալ է:

Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ան­ձամբ ներ­կայ գտնո­ւած է, Դա­մաս­կո­սի մէջ, Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն եւ հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հան­դիպ­ման, ուր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը եւ Հ.Հ. դես­պա­նը ա­ռա­ջար­կած են հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել ի­րենց խնդիր­նե­րը, մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը, ե­ղած են հար­ցում­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ սպա­ռիչ պա­տաս­խան­ներ ստա­ցած են:

«Իսկ հիաս­թա­փո­ւող մար­դոց չեմ հասկ­նար, ե­թէ ա­նոնք հարց չեն բարձ­րաց­ներ: Փո­խա­նակ հիաս­թա­փո­ւին, թող հար­ցեր բարձ­րաց­նեն եւ ստա­նան պա­տաս­խան­ներ, ա­ջակ­ցու­թիւն»,- ը­սած է Ռէ­յի­սեան: Վեր­ջինս նաեւ նշած է, որ հա­մայն­քի ոե­ւէ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի անձ­նա­կան ցան­կու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կան ցան­կու­թիւն չէ, եւ պէտք չէ ը­սել, թէ բո­լո­րը կը ցան­կան հե­ռա­նալ:

«­Կան մար­դիկ, ո­րոնք կը ցան­կան հե­ռա­նալ, կան մար­դիկ, ո­րոնք կը ցան­կան մնալ: Այս ա­մէ­նը հա­ւա­քա­կան տրա­մադ­րու­թիւն չէ: Իսկ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին խօ­սի­լը, կը կար­ծեմ, որ սխալ է: Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը, Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թիւ­նը, պա­տաս­խա­նա­տու բո­լոր կող­մե­րը կը խոր­հին, որ այն մար­դիկ, ո­րոնք Սու­րիա­յէն դուրս գալ կը ցան­կան, թող եր­թան հայ­րե­նիք: Բ­նա­կա­նա­բար, մենք չենք ցան­կար, որ գա­ղու­թը լու­ծա­րո­ւի, ա­մա­յա­նայ, բայց դէմ չենք կրնար ըլ­լալ, ե­թէ մար­դիկ ո­րո­շած են հե­ռա­նալ, խոր­հուրդ կու տանք եր­թալ հայ­րե­նիք»,- ընդգ­ծած է Ռէ­յի­սեան: