Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հ.3.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Խա­չիկ Մու­րա­տեա­նի, Ուր­բաթ՝ Մա­յիս 29ին, Կիպ­րո­սի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ըն­կեր­վար Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան Հա­մար Շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան (EDEK) փոխ-նա­խա­գահ Քոս­թիս Էֆս­թա­սիո­ւի հետ:

Քն­նար­կո­ւե­ցան Սու­րիոյ տագ­նա­պը եւ ա­նոր անդ­րա­դար­ձը փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վրայ ընդ­հան­րա­պէս եւ Սու­րիա­հա­յու­թեան վրայ յատ­կա­պէս, եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րը ընդ­լայ­նե­լու հե­ռան­կար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը:

Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին Հ.Յ.Դ. Կիպ­րո­սի Կո­մի­տէի ան­դամ­ներ Յա­կոբ Մա­նու­կեան եւ Սար­հատ Տէ­միր­ճեան, ինչ­պէս նաեւ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Կա­րէն Գու­յում­ճեան: