Ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի դիմումներուն, Արամ Ա. Հայրապետը Հինգշաբթի Մայիս 28ին, Պոսթընի մէջ, Հայաստանի Ան կախութեան նուիրուած ձեռնարկի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզը, որ 10 տարի առաջ՝ անսալով մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան արժէքներու իր ներքին ձայնին, հաստատած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, քայլ մը, որուն պատճառով իր դիւանագիտական գործունէութիւնը վերջ գտած էր, սակայն խիղճը ազատագրած՝ մարդկային իրաւունքները եւ արդարութիւնը կաշկանդող բոլոր թնճուկներէն:
Շրջանի ընդհանուր ոստիկանապետ շերիֆ Փիթըր Քիւթիւճեան՝ ներկայացնելով դեսպան Էվընզը, զայն որակեց «նոր օրերու Հենրի Մորկընթաու», որ իր ձայնը քաջաբար բարձրացուցած էր յանուն արդարութեան: Դեսպանը պարգեւատրուելէ ետք, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ու հայ ժողովուրդին, իրեն ընձեռնուած այս պատիւին համար: