­Մա­յիս 28-ին ­Վառ­նա­յի հայ հա­մայն­քին մէջ մեծ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան տօ­նը: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «­Կան­թեղ Ա­րա­րա­տեան» կայ­քի թղթա­կի­ցը ­Վառ­նա­յէն, այս տօ­նին ա­ռի­թով քա­ղա­քի Ս. ­Սար­գիս հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ բա­ցո­ւե­ցաւ հայ ֆե­տա­յի­նե­րուն նո­ւիրուած յու­շա­քար ­Վառ­նա­յի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րու ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ: Ա­նոնց ա­ռա­ջար­կով հա­մայն­քի գրե­թէ բո­լոր հա­յերն մաս­նակ­ցու­թիւն­նը բե­րած էն քա­ջոր­դի­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած յու­շա­քա­րի տե­ղադր­ման հա­մար:

­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ յու­շա­քա­րի օրհ­նու­թեան կարգ կա­տա­րեց հա­մայն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Տէր ­Բար­թու­ղի­մէոս քա­հա­նայ ­Յա­կո­բեա­նը եւ իր տօ­նա­կան պատ­գա­մը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն. «Այ­սօր մեծ ու­րա­խու­թիւն է հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, քա­նի որ նոյն այս ֆե­տաա­յի­նե­րուն թա­փած ա­րեան ար­դիւն­քով կա­տա­րա­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր ե­րա­զան­քը, ­Հա­յաս­տա­նը դար­ձաւ ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւն, ա­նոնք պայ­քա­րե­ցան յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան, պայ­քա­րե­ցան, որ հա­յը կա­րե­նայ իր սե­փա­կան երկ­րին մէջ ա­զատ խօ­սի հա­յե­րէն»: Այ­նու­հե­տեւ բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Վառ­նա­յի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Գէորգ ­Թախ­մե­սեա­նը, ինչ­պէս նաեւ յու­շա­քա­րի տե­ղադր­ման գոր­ծին մէջ իր ան­խոնջ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած Մկր­տիչ ­Ծե­րու­նեա­նը: