Մա­յիս 19ին, Փա­րի­զի 5րդ թա­ղա­մա­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ, պատ­մա­բան Գ­լօտ Մու­թա­ֆեան դա­սա­խօ­սու­թիւն մը կու տար «­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ. պատ­մու­թիւն եւ հե­ռան­կար­ներ» նիւ­թով: 
Ա­ւար­տին, հար­ցում-պա­տաս­խան­նե­րու բաժ­նին, լսա­րա­նի մաս­նա­կից­նե­րէն մէ­կը խօսք ու­զած է: Բայց ըստ ե­րե­ւոյ­թին հար­ցում յղե­լու հա­մար չէր: Ար­դա­րեւ են­թա­կան տի­կին Նի­կար Հիւ­սէյ­նո­վան էր, Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան ա­ւագ խորհըր­դա­կա­նը, որ ե­կած էր քա­նի մը «բա­րե­կամ»նե­րով: Հար­ցում յղե­լու փո­խա­րէն, ան սկսած է ի՛ր դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել, որ ո­ղո­ղո­ւած էր ա­պա­տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով եւ սխալ­նե­րով, նե­րա­ռեալ ինչ կը վե­րա­բե­րի Ար­ցա­խի իբ­րեւ թէ Ս­տա­լի­նի կող­մէ Ա­զէր­պայ­ճա­նի յանձ­նո­ւած ըլ­լա­լու փաս­տը, այդ հաս­տա­տու­մը վե­րագ­րե­լով Գ­լօտ Մու­թա­ֆեա­նին, մինչ վեր­ջինս ճիշդ հա­կա­ռա­կը ը­սած էր: 
Ան­մի­ջա­պէս շփոթ կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծո­ւած է: Վի­ճար­կու­մը վե­րա­ծո­ւած է բուռն վի­ճա­բա­նու­թեան, մինչ սրա­հին մէջ սկսած է բարձ­րա­նալ ընդ­հա­նուր ժխոր, շա­տեր սկսած են մեկ­նիլ: Գ­լօտ Մու­թա­ֆեան յայ­տա­րա­րած է, թէ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ այ­լեւս չի փա­փա­քիր շա­րու­նա­կել դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը: 
­Տի­կին Հիւ­սէյ­նո­վա շատ կա­նու­խէն սրահ ե­կած էր, իր զօ­րա­կից­նե­րուն հետ տի­րա­պե­տող դիր­քեր գրա­ւե­լու հա­մար: Ա­նոնց մէջ էին «Objectif 21»ի ան­դամ­ներ: Այս ըն­կե­րակ­ցու­թեան կո­չու­մը իբ­րեւ թէ «գոր­ծօն քա­ղա­քա­ցիու­թեան խթա­նում»ն­ է: Սա­կայն, ի­րա­կա­նու­թան մէջ, ան պար­զա­պէս թրքա­կան քա­րոզ­չու­թեան գոր­ծիք մըն է, ինչ­պէս Թուր­քե­րը ի­րենք իսկ կը հաս­տա­տեն, եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեան կայ­քէ­ջին վրայ զե­տե­ղո­ւած նիւ­թերն ալ կ­՚ա­պա­ցու­ցա­նեն: