Ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար Անդ­րա­նիկ Պաղ­տա­սա­րեան 900 հա­զար տո­լար  նուիրած է «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մին, ինչ­պէս կը յայտ­նէ News.am:

Այս մա­սին Մա­յիս 27ին, «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի եւ տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու 24րդ հա­մա­տեղ նիս­տին ժա­մա­նակ, յայ­տա­րա­րած է հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան:

Նա­խա­գա­հը Հիմ­նադ­րա­մի «­Նո­ւի­րա­տու-բա­րե­րար» կո­չու­մով պար­գե­ւատ­րած է ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րա­րը: Ն­շենք, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու տան մէջ այ­սօր կ’ըն­թա­նայ Հիմ­նադ­րա­մի նիս­տը, ո­րուն ներ­կայ են Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ­նե­րը, հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի 24 ան­դամ­նե­րը: Նիս­տին ըն­թաց­քին Ա­րա Վար­դա­նեան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւ­նը 2014ի կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին: