Յունիս 1ին ժամը 17.30ին Չեխիոյ Լիտիցէ յուշահամալիրի թանգարանային հատուածին մէջ պիտի բացուի «Գողցուած մանկութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ երեխաները» լուսանկարչական ցուցահանդէսը` նո ւիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Այս մասին՝ ըստ «Հայերն Այսօր»ի՝ կը յայտնէ Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրը: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ Չեխիոյ մշակոյթի նախարար Տանիէլ Հերմանը: Ասիկա նմանատիպ առաջին ցուցահանդէսի բացումն է Լիտիցէի յուշահամալիրին մէջ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Չեխիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը, ցուցահանդէսի կազմակերպիչներն են Լիտիցէի յուշահամալիրը, Երեւանի Ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանը եւ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Ցուցահանդէսին առաջին անգամ պիտի ներկայացուին Ցեղասպանութեան զոհ գացած երեխաներու ճակատագրերը` լուսանկարներով ու յարակից պատմական վաւերագրերով, որոնք ցոյց կու տան բռնագաղթի ճանապարհը անցած հազարաւոր երեխաներու ոչնչացումը թրքական պետութեան կողմէ կամ մանկատներու մէջ անցուցած որբ հայ մանուկներու կեանքը: «Օսմանեան Կայսրութիւնը հիմնուած է եւ կը ծաղկի ապրիլ միլիոնաւոր երեխաներու մահուան գնով: Զանգուածային սպանութիւններու եւ բռնի իսլամացման քաղաքականութիւնը դարձած է թրքական ազգային պետութեան եւ ողջ կայսրութեան կեանքի հիմնական անկիւնաքարը: Այդ դաժան համակարգի զոհ գացած են հազարաւոր հայ, յոյն, պուլկար, ինչպէս նաեւ Սերպիոյ, Վրաստանի, Սուրիոյ, Ռումանիոյ եւ այլ երկիրներու երեխաներ, որոնք բռնի հեռացուած են իրենց ընտանիքներէն կամ էթնիկ համայնքներէն եւ իսլամացուած են: Այս երեխաները կայսրութեան շրջանակներու մէջ նաեւ ապրած են ստըրկացման պայմաններու մէջ: «Աւելի քան կէս միլիոն հայ, յոյն եւ սուրիացի երեխայ զոհուած կամ ընդունած է իսլամութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու նկատմամբ կիրառուած այս Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու մեծագոյն ողբերգութիւններէն է, որ ոչ միայն սարսափելի է եւ տակաւին կը մնայ իբրեւ անպատիժ յանցագործութիւն մարդկութեան եւ քաղաքակըրթութեան դէմ»: Այս մասին կ՛ըսուի Չեխիոյ մշակոյթի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 2015 թուականի Յունիս 30: