­3 Ապ­րիլ 2015ին, ժա­մը 19:15ին, Քե­սապ սո­վո­րա­կան պա­հեր չէր ապ­րեր: Ե­կե­ղեց­ւոյ կոչ­նակ­նե­րը հա­րիւր ղօ­ղանջ հնչե­ցին` իբ­րեւ յար­գանք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­ցած ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Պա­հը ազ­դե­ցիկ էր. լսո­ղին միտքն ու հո­գին խայ­տաց:

23 Ապ­րիլ 2014ին Քե­սա­պի մէջ բո­լո­րո­վին տար­բեր ի­րա­վի­ճակ կը տի­րէր:

Թուր­քիոյ ա­րիւ­նար­բու կա­ռա­վա­րու­թեան ու ա­նոր հե­տե­ւոր­դին պիղծ շուն­չը հա­սած էր Քե­սապ: Թուր­քին գոր­ծա­կա­տար­նե­րը տե­ղա­հա­նու­թեան են­թար­կած էին Քե­սա­պի զա­ւակ­նե­րը` զրկե­լով քե­սապ­ցին իր հա­յա­շունչ գիւ­ղէն, սա­կայն քե­սապ­ցին, հար­բած կեան­քի սի­րով, տկա­րու­թիւն ու յու­սա­հա­տու­թիւն չի ճանչ­նար:

24 Ապ­րիլ 2015ին Քե­սա­պի ե­րեք հա­մայնք­նե­րու ան­յաղթ զա­ւակ­նե­րը հոծ բազ­մու­թեամբ հա­ւա­քո­ւած էին Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ` ո­գե­կո­չե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը:

Թշ­նա­մին այ­րած էր այդ ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րը եւ նիւ­թա­կան ի­րե­րը, սա­կայն չէր կրցած այ­րել սէ­րը մեր հո­գի­նե­րուն մէջ՝ կեան­քի ու ե­կե­ղեց­ւոյ եւ մեր գիւ­ղի նկատ­մամբ: Ան չէր մտա­բե­րած, որ քե­սապ­ցին` Կա­սիոս լե­րան զա­ւա­կը կրկին ան­գամ կրնար իր նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չել այդ հրկի­զո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ տոհ­միկ սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է այդ յար­կին տակ ապ­րի­լեան ո­գե­կո­չում­ներ հա­մախմ­բել:

Հան­դի­սա­վար Թա­մար Ղա­զա­րեան-­Քէ­շի­շեան ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց մէկ վայր­կեան յոտն­կայս յար­գե­լու նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Օ­րո­ւան բաց­ման խօս­քը ներ­կա­յա­ցուց պա­տո­ւե­լի ժի­րայր Ղա­զա­րեան:

Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր գիւ­ղին զա­ւա­կը, կրթա­կան մշակ, Ազգ. Ք. Եփ­փէ ճե­մա­րա­նի վաս­տա­կա­ւոր նախ­կին տնօ­րէ­նը` Վա­հէ Ղա­զա­րեա­նը:

Մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի կե­ցո­ւածք­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով` բա­նա­խօ­սը բարձր գնա­հա­տեց Վա­տի­կա­նի Քա­հա­նա­յա­պե­տին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու կե­ցո­ւած­քը, ինչ­պէս նաեւ` Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան որ­դեգ­րած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի բա­նա­ձե­ւը:

Բա­նա­խօ­սը իր խօս­քի ա­ւար­տին դի­տել տո­ւաւ, թէ Թուր­քիոյ բո­լոր փոր­ձե­րը` քա­ղա­քա­կիրթ սե­պո­ւե­լու, ձա­խո­ղած են, ո­րով­հե­տեւ ան կը մնայ ա­րիւ­նար­բու օս­ման­ցիին ժա­ռան­գոր­դը. փաս­տը՝ Սու­րիոյ մէջ թշնա­մա­կան մօ­տե­ցու­մը եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ ժխտո­ղա­կան կե­ցո­ւածքն է:

Հան­դի­սու­թեան փակ­ման խօս­քը կա­տա­րեց Միւ­ռոն Քհնյ. Ա­ւե­տի­սեա­ն, որ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց Քե­սա­պի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թիւնն ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը:

Օ­րո­ւան խօս­քե­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ կո­կիկ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը: Տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թիւն, որ կը ներ­կա­յաց­նէր Քե­սա­պի ե­րեք տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը, 1909ի Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծէն պատ­կեր­ներ, 1915ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ վեր­ջին տե­ղա­հա­նու­թեան ու վե­րա­դար­ձի լու­սան­կար­ներ ու խօս­քեր:

Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ւար­տին, ե­րեք հա­մայնք­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ՝ քայ­լերթ սկսաւ Քե­սա­պի հրա­պա­րա­կէն դէ­պի Քե­սա­պի գե­րեզ­մա­նա­տան Ապ­րի­լեան Նա­հա­տակ­նե­րու յու­շար­ձա­նը, ուր զե­տե­ղո­ւե­ցան մե­խակ­ներ ու ծաղ­կեպ­սակ­ներ: Պա­հը տպա­ւո­րիչ էր, քայ­լեր­թը յա­ռա­ջա­ցաւ ինք­նավս­տահ քայ­լե­րով, հաս­տատ կամ­քով, թէ հա­յը 100 տա­րի ետք կը յի­շէ եւ կը պա­հան­ջէ իր ար­դար ի­րա­ւուն­քը…

Շա­ղիկ Կա­րօ Ման­ճի­կեան