Աշխարհի մէջ մէկ միլիառ 250 միլիոն մարդ հետեւած է Ապրիլքսանչորսեան ձեռնարկներուն
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները, որոնք հեռարձակուած են աշխարհի հեղինակաւոր հեռուստաընկերութիւններու կողմէ, հասու դարձած են 1 միլիառ 250 միլիոն մարդու: «Մարդիկ, ովքեր չգիտէին Հայաստանի տեղը, ծանօթ չէին Ցեղասպանութեան թեմա յին, այսօր գրում են, զանգում, էլեկտրոնային փոստով են կապւում, եւ շնորհակալութիւն են յայտնում իրազեկման աստիճանը բարձրացնելու, ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարի գործում փոքր Հայաստանի մեծ ներդրման համար»,- «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ` տեղեկացուցած է Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկներու գլխաւոր համակարգող Վիգէն Սարգսեան՝ Բիւրականի մէջ ձեռնարկներու կամաւորներուն շնորհակալագրեր յանձնելու արարողութեան ժամանակ: Ան 100րդ տարելիցի ձեռնարկներուն ժամանակ կամաւորական աշխատանքներ կատարած երիտասարդներուն յայտնեց, որ ատիկա նաեւ իրենց աշխատանքի արդիւնքն է: Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Ապրիլ 21-24 Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ իրականացուեցան քաղաքական, մշակութային, կրթական, գիտական ձեռնարկներ, որոնք շեշտեցին մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճրագործութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման կարեւորութիւնը: Ապրիլ 21ին Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի նոր ցուցադրութեան պաշտօնական եւ հանդիսաւոր բացումը: Ապրիլ 22-23ին Երեւանի մէջ հանդիպեցան աշխարհի տարբեր երկիրներէ 600 պատուիրակներ՝ մասնակցելու «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ժողովին: Ապրիլ 23ին համայն հայութեան սրբավայր Մայր Աթոռի մէջ իրականցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ հաւատքի ու հայրենիքի համար նահատակուած զոհերու սրբադասման կարգը, նոյն օրը երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարկին վրայ «Արթնցուցէք հոգիները» համերգաշարով հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ System of a down ռոք խումբը: Ապրիլ 24ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով արարողութեան մասնակցեցան 60 երկիրներու պատուիրակութիւնները, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սերպիոյ ու Կիպրոսի նախագահները: Այդ օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Վերածնունդ» դասական համերգը, ինչպէս նաեւ աւանդական դարձած ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ: