­Լի­բա­նա­նի մէջ Մա­յիս 21ին վախ­ճա­նած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ե­րէց միա­բան­նե­րէն` Կո­րիւն Արք. Պա­պեան: Վեր­ջին օծ­ման ու թաղ­ման կար­գը կա­տա­րո­ւած է Շա­բաթ, 23 Մա­յիս 2015ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, Ան­թի­լիա­սի Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ

Մայր տա­ճա­րին մէջ, յըն­թացս Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի։

Ա­պա՝ Սր­բա­զան Հօր մար­մի­նը պի­տի ամ­փո­փո­ւի Կի­լի­կեան Ուխ­տի միա­բա­նա­կան դամ­բա­րա­նին մէջ, Մայ­րա­վան­քի շրջա­փա­կէն ներս։

Սր­բա­զան Հայ­րը ծնած էր 1941ին, Պուրճ Հա­մու­տի Ա­րա­գած թա­ղը: Յա­ճա­խած է Նոր Սի­սի «Աք­սոր Գա­սար­ճեա­նե - այդ օ­րե­րուն «­Լու­սի­նեա­նե կո­չո­ւած - ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը: Իսկ միջ­նա­կարգ ուսու­մը ստա­ցած է Հա­մազ­գա­յի­նի Ն­շան Փա­լան­ճեան ճե­մա­րա­նի մէջ:

1957-1958 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին ըն­դու­նո­ւած է դպրե­վանք, ուր տա­կա­ւին պա­տա­նի տա­րի­քէն ցու­ցա­բե­րած է գրա­կան շնորհ­ներ. հե­տա­գա­յին լոյս ըն­ծա­յած է բազ­մա­թիւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ եւ պատ­մո­ւածք­ներ:

1961ին, ձե­ռամբ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Զա­րեհ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի, ձեռ­նադ­րո­ւած է կու­սակ­րօն հո­գե­ւո­րա­կան, որ­մէ ետք պաշ­տօ­նա­վա­րած է դպրե­վան­քին մէջ, որ­պէս հա­յոց լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ: 1967ին Խո­րէն Ա. Հայ­րա­պե­տի կար­գադ­րու­թեամբ մեկ­նած է Անգ­լիա, Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ մաս­նա­գի­տա­նա­լու հա­մար աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան եւ հա­յա­գի­տու­թեան ճիւ­ղե­րուն մէջ: 1977ին վե­րա­դառ­նա­լով Ան­թի­լիաս` Գա­րե­գին Բ. Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­թո­ռա­կից Կա­թո­ղի­կո­սի տնօ­րի­նու­թեամբ, հիմ­նած է Ան­թի­լիա­սի մէջ «­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան դա­սըն­թաց­քեը՝ որ­պէս վա­րիչ:

Կո­րիւն սրբա­զա­նը ե­ղած է Նոր Ջու­ղա­յի ա­ւե­լի քան 400 տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին եւ միակ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, որ շուրջ 25 տա­րի­ներ շա­րու­նա­կա­բար ե­ղած է Ի­րա­նա-Հնդ­կաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ:

2002ի մար­տին Ա­րամ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին հրա­ւէ­րով վե­րա­դար­ձած է Ան­թի­լիաս եւ ան­մի­ջա­պէս նշա­նակուած է կա­թո­ղի­կո­սա­կան փո­խա­նորդ Քո­ւէյ­թի եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու հա­յոց թե­մին: Երկ­րի եւ հա­մայն­քի ա­մէ­նէն տագ­նա­պա­լից եւ դժո­ւա­րին տա­րի­նե­րուն, ա­մե­նայն խո­հե­մու­թեամբ եւ քա­ջու­թեամբ, Սր­բա­զան Հայ­րը վա­րած է թե­մի գոր­ծե­րը: Այ­ցե­լած է ռազ­մա­ճա­կատ բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ` վտան­գե­լով իր կեան­քը:

Սր­բա­զան հայ­րը Քո­ւէյ­թի եւ թե­մի շրջան­նե­րուն մէջ ու­նե­ցած է շի­նա­րա­րա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն: Կա­պեր հաս­տա­տած է թէ՛ Քո­ւէյ­թի պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն եւ թէ՛ այլ եր­կիր­նե­րու դես­պա­նա­տու­նե­րուն հետ: Սր­բա­զա­նը աշ­խա­տակ­ցած է հայ մա­մու­լին եւ ու­նի գրա­կան, քեր­թո­ղա­կան գոր­ծեր եւ բա­նա­սի­րա­կան բազ­մա­թիւ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­ներ եւ յօ­դո­ւած­ներ։