Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէ աւարտած. կը շարունակուի «սպիտակ ջարդը»` մշակոյթի ամբողջ շերտի մը ոչնչացումով: Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»ի, Մայիս 21ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է թրքագէտ Անոյշ Յովհաննիսեան:
Անոր խօսքով՝ այժմ Թուրքիոյ մէջ հայերու ինքնութեան հանդէպ ճնշումներ կը գործադրուին, անոնց թոյլ չեն տար խօսելու մայրենի լեզուով, զանոնք կը զրկեն սեփական պատմութեան ծանօթանալու հնարաւորութենէն: «Ինչո՞ւ են ոչնչացնում մշակութային յուշարձանները: Քանի որ այդպէս նրանք մաքրում են հետքերը, որոնք հետագայում կարող են մեր պահանջների համար հիմք ծառայել: Ամէն մի յանցագործ ուզում է մաքրել իր յանցագործութեան հետքերը»,- ընդգծած է Յովհաննիսեան: Միւս կողմէ՝ անոր կարծիքով, իւրացնելով ցեղասպանութեան ենթարկուած էթնիկ խումբի մշակութային արժէքները, անոնք կ՛օրինականացնեն իրենց գործողութիւնները, այսինքն` ցեղասպանութեան պտուղներէն օգտուելու իրենց «իրաւունքը»: Թրքագէտին կարծիքով` մշակութային ցեղասպանութեան առումով շատ դժուար է ապացուցել, որ այս կամ այն յուշարձանը դիտաւորեալ ոչնչացուած է, այսինքն` իշխանութիւններու պատուէրո՞վ, թէ՞ ո՞չ: «Այդ դէպքերում պէտք է հետեւողական լինել: Մենք պէտք է արձագանգենք ամէն նման դէպքի` օգտագործելով միջազգային կառոյցները: Չնայած այն հանգամանքին, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ Թուրքիայի վրայ ազդելու լծակներ չունի, դա չի նշանակում, որ մենք պէտք է ձեռքներս ծալած նստենք: Պէտք է անընդհատ խօսել այդ մասին միջազգային հարթակում»,- եզրափակած է Անոյշ Յովհաննիսեան: