­Մօտ 70 հա­զար հայ հա­շո­ւող այս կա­րե­ւոր հա­մայն­քին մէջ ու­նինք մէկ հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան։  Միայն մէկ դարբ­նոց, ուր հայ ա­շա­կեր­տը կրնայ սոր­վիլ հա­յե­րէն լե­զուն, հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, ու այս բո­լո­րը՝ մէկ յար­կի տակ, նոյն ժո­ղո­վուր­դին պատ­ կա­նող երկ­սեռ իր դա­սըն­կեր­նե­րուն հետ։

Սր­բոց Նա­հա­տա­կաց Ա­մէ­նօ­րեայ Վար­ժա­րա­նը (Ս.Ն.Ա.Վ.) 48 տա­րի­նե­րէ ի վեր բաց կը պա­հէ իր դռնե­րը Ա­մե­րի­կա ծնած թէ Պէյ­րու­թէն ու Պոլիսէն գաղ­թած, Հա­լէ­պէն ու Պուլ­կա­րիա­յէն թէ Պարս­կաս­տա­նէն այս ա­փե­րը հաս­տա­տո­ւած հայ ու­սա­նող­նե­րուն ա­ռջեւ։  Ու լոկ հայ­կա­կան վար­ժա­րան մը ըլ­լա­լէ բա­ցի, այս դպրո­ցին կրթա­կան մա­կար­դա­կը Նիւ Եոր­քի նա­հան­գա­յին կրթա­կան լա­ւա­գոյն ա­ռա­ջին տաս­նեա­կին հա­մա­զօր իր ծրագ­րով, միայն կրնայ եր­ջան­կաց­նել դպրո­ցին շուրջ հա­ւա­քո­ւած կրթա­կան մշակ­ներն ու ծնող­նե­րը։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րա­դար­ձին, այս դպրոցն է, որ կրնանք ցոյց տալ որ­պէս ե­րաշ­խիք մեր գո­յու­թեան թէ ու­նինք տա­կա­ւին սե­րունդ մը, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ ազ­գա­պահ­պա­նու­թիւ­նը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, գու­ցէ դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րու տակ։  Ու ա­նոր փաս­տը՝ Ս.Ն.Ա.­Վ.ի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք ոչ  միայն ու­նին ազ­գա­յին լայն հե­տաքրք­րու­թիւն, այ­լեւ ա­նոնց­մէ ո­մանք ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան մէջ են մեր ա­ւան­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն ներս։ Մա­յիս 16, 2015.- Ման­հե­սը­թի «­Նորթ Հիլ Գաունթ­րի Գ­լապ»ի մէջ, ե­րեք հա­րիւ­րի հաս­նող կրթա­նո­ւէր ազ­գա­յին­ներ ե­կան քա­ջա­լե­րե­լու ի­րենց դպրո­ցը։  Դպ­րո­ցի տնօ­րէ­նու­հին` Զար­մի­նէ Պօ­ղո­սեան, իր բո­լո­րա­նո­ւէր կրթա­կան աշ­խա­տան­քով, վեր կը պա­հէ դպրո­ցին մա­կար­դա­կը եւ իր սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով դպրո­ցին շուրջ կը հա­ւա­քէ զա­նա­զան յանձ­նա­խում­բեր եւ մար­մին­ներ, ո­րոնք նիւ­թա­պէս կ’ըլ­լան օգ­տա­կար այս հաս­տա­տու­թեան։

Այս տա­րո­ւան ճաշ­կե­րոյթ-պա­րա­հան­դէ­սին նա­խա­գա­հու­թիւ­նը տրո­ւած էր ազ­գա­յին ծա­նօթ բա­րե­րար Տէր եւ Տի­կին Է­տո­ւըրտ եւ Գար­մէն Կիւլ­պէն­կեան­նե­րուն։  Իր սրտի խօս­քին մէջ Պա­րոն Կիւլ­պէն­կեան կոչ ը­րաւ ա­ւե­լի եւս օգ­տա­կար ըլ­լա­լու մեր վար­ժա­րա­նին եւ ը­րաւ գործ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­ներ, թե­լադ­րու­թիւն­ներ ու ցուց­մունք­ներ ընդ­հան­րա­պէս այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով, Մի´շտ­ ալ բա­րե­րար այս ա­մո­լը նիւ­թա­պէս օգ­նու­թեան հա­սած է Ս.Ն.Ա.­Վ.ի այլ ծրա­գիր­նե­րուն։

Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րէն շա­տեր, հայ ըն­տա­նիք­ներ կազ­մած, այդ օր ներ­կայ էին՝ օգ­տա­կար ըլ­լա­լու ի­րենց մայր վար­ժա­րա­նին։

Ազ­գա­յին­նե­րէն ո­մանք մօ­տե­նա­լով ին­ծի հարց կու տա­յին, որ ե­թէ հրեայ հա­մայն­քը այս երկ­րին մէջ կրնայ ու­նե­նալ 200է ա­ւե­լի ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան, իսկ ա­ւե­լին, թուր­քե­րը` 120 վար­ժա­րան, ին­չո՞ւ մենք հա­յերս պի­տի ու­նե­նանք միայն 20 ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան։

Ատոր պա­տաս­խա­նը մէ­կ եւ յստակ է: Այդ հար­ցը պէտք է տանք կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րով ճամ­բայ ե­լած այն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք անց­նող եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րուն գրե­թէ դադ­րած են Ա­մե­րի­կա­յի մէջ նոր վար­ժա­րան­ներ բա­նա­լու ծրագ­րէն։

Ա­նոնք պէտք է շա­րու­նա­կեն ի­րենց կրթա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։  Սե­րունդ մը ետք, ու­ծա­ցած ա­մե­րի­կա­հա­յու­թիւ­նը որ­քա­նո՞վ պի­տի կա­րե­նայ հաս­նիլ Հա­յաս­տա­նին, Ար­ցա­խին կամ այլ մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան նօս­րա­ցող հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու կա­րիք­նե­րուն։

Գուր­գու­րա՛նք մեր ա­մէ­նօ­րեայ հայ­կա­կան օ­ճախ­նե­րուն վրայ։  Ա´յս պի­տի ըլ­լայ հրա­մա­յա­կա­նը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րա­դար­ձին։  Ա­յո´ պահ­պա­նենք մեր մայ­րե­նի լե­զուն։

Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեան