Վեր­ջին 17 տա­րի­նե­րուն Ա.Մ.Ն.ի մէջ հե­տա­զօ­տող­նե­րը՝ թռիչք­նե­րու կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գե­րու կա­յու­նու­թիւ­նը բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով, կ­՝օգ­տա­գոր­ծեն մա­թե­մա­թի­քոս Նա­յի­րա Յո­վա­կի­մեա­նի հա­շո­ւարկ­նե­րը: Մար­տին ա­նոր հե­տա­զօ­տա­կան խում­բի մե­թո­տը Քա­լի­ֆոր­նիոյ թռիչ­քու­ղի­նե­րու յա­ջո­ղու­թեամբ փոր­ձար­կո­ւած է «Learjet» օ­դա­նա­ւե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ News.am կայ­քը` վկա­յա­կո­չե­լով «ECN Magazine»ը:

Ճար­տա­րա­գի­տա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու փրո­ֆե­սըր եւ Ի­լի­նոյ­սի հա­մալ­սա­րա­նի գիտ­նա­կան Յո­վա­կի­մեա­ն 1988 թո­ւա­կա­նին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը, ուր ու­սում­նա­սի­րած է տե­սա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն եւ կի­րա­ռա­կան մա­թե­մա­թի­քա: Հե­տա­գա­յին ան ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Մոս­կո­ւա­յի մէջ: 1994-1998 թո­ւա­կան­նե­րուն շրջա­գա­յե­լով աշ­խար­հով մէկ, օգ­տո­ւե­լով ու­սա­նե­լու եւ դա­սա­խօ­սե­լու ա­ռա­ջարկ­նե­րէն, ե­ղած է Գեր­մա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի եւ Իս­րա­յէ­լի մէջ:

1998 թո­ւա­կա­նին ան Ճոր­ճիա­յի Ճար­տա­րա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն թռիչք­նե­րու կա­ռա­վար­ման կա­յու­նու­թիւ­նը հե­տա­զօ­տող խում­բին մէջ աշ­խա­տե­լու հրա­ւէր ստա­ցած է: Միա­ժա­մա­նակ, Ա.Մ.Ն. Ռազ­մա-օ­դա­յին Ու­ժե­րու եւ NASAի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան շնոր­հիւ, Յո­վա­կի­մեա­ն 2003 թո­ւա­կա­նին կը դառ­նայ Վիր­ճի­նիա­յի Ճար­տա­րա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դո­ցենտ: Այն­տեղ ալ, ան, այլ հե­տա­զօ­տող­նե­րու հետ հա­մա­տեղ, կը մշա­կէ «L1» վե­րահսկո­ղու­թեան տե­սու­թիւ­նը, որ կրնայ օ­դա­չո­ւին օգ­նել անսպա­սե­լի ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ վե­րա­կանգ­նել օ­դա­նա­ւին վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը:

NASAն բ­նօ­րի­նա­կը փոր­ձար­կած է տար­բեր դժուար պայ­ման­նե­րու մէջ: Յա­ջող փոր­ձար­կում­նե­րէն յե­տոյ Յո­վա­կի­մեա­նի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ստացած է մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում: