Ս. Փեթերսպուրկի թրքական հիւպատոսութիւնը վերջերս յանդգնութիւնը ունեցած է Ռուսիայէն պահանջելու հայկական մշակութային պատմական հնութիւններ: 1916 թուականի ռուսական ռազմարշաւին ընթացքին, որ թոյլ տուաւ ժամա նակաւորապէս ազատագրելու Օսմանեան Թուրքիոյ արեւելեան հատուածը, Ս. Փեթերսպուրկի Ազգագրութեան թանգարանը Նիկոլայ Բ. ցարէն խնդրած էր գիտնականներու խումբ ուղարկել Վանի շրջան՝ հնագիտական յայտնաբերումները հաւաքելու եւ զանոնք կործանումէ փրկելու համար: Մշակութային հնութիւնները 100 տարի շարունակ նկուղի մէջ պահուած եւ երբեք չեն ցուցադրուած: Անցեալ շաբաթ անոնք վերջապէս ցուցադրուեցան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը իմանալով, որ Թանգարանը Վանէն բերուած արժէքաւոր մշակութային հնութիւններ ունի, կապ հաստատած է աշխատակիցներու հետ՝ յայտարարելով, որ այդ առարկաները կը պատկանին Թրքական Հանրապետութեան եւ պահանջած է զանոնք վերադարձնել:Թանգարանի ղեկավարութիւնը մերժած է թրքական կողմի պահանջները՝ յայտարարելով, որ 1916ին զանոնք տէրերէն գնած են: Հետաքրքրական է, անոնց տէրերը սպաննելէ, տուները այրելէ եւ գոյքը իւրացնելէ ետք՝ թուրք դիւանագէտները յանդգնութիւնը կ’ունենան պահանջելու հայկական մշակոյթի այդ մասունքները: