­Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան Բա­րո­յա­կար­գի Յանձ­նա­ժո­ղո­վը հե­տաքն­նու­թիւն սկսած է՝ Ատր­պէյ­ճա­նի Պե­տա­կան Քա­րիւ­ղի Ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ա­մե­րի­կա­ցի 10 քոնկ­րե­սա­կան­նե­րու ճամ­բոր­դու­թեանց ծախ­սե­րը հո­գա­լու կա­շա­ռու­մի դէպ­քին առ­թիւ:

«­Սան Ան­թո­նիօ Էքսփ­րէս Նիուզ» կը գրէ, որ Յանձ­նա­ժո­ղո­վի փաս­տա­թուղ­թին մէջ կը նշո­ւի, որ գու­մա­րը քոնկ­րե­սա­կան­նե­րուն փո­խան­ցուած է հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց մի­ջո­ցով, ո­րոնց­մէ մէ­կը տե­ղա­կա­յո­ւած է Հիւս­թը­նի մէջ: Հե­տապն­դուող քոնկ­րե­սա­կան­նե­րէն չոր­սը Թեք­սաս նա­հան­գէն են:

Ա­ւե­լի կա­նուխ, «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոստ» գրած էր, որ օ­րէնսդիր­նե­րը եւ ա­նոնց անձ­նա­կազ­մի 32 ան­դամ­նե­րը հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր տո­լար ստա­ցած են ճամ­բոր­դա­կան ծախ­սե­րուն հա­մար, ինչ­պէս նաեւ՝ մե­տաք­սեայ վզնոց­ներ, բիւ­րե­ղա­պա­կեայ սպաս­ներ եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան գոր­գեր՝ 2500-10.000 տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ: Հա­շիւ­նե­րը ցոյց կու տան, որ քոնկ­րե­սա­կան­նե­րու ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը ար­ժած է 112,899 տո­լար:

Ըստ հրա­պա­րակ­ման՝ նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի նախ­կին ե­րեք օգ­նա­կան­նե­րը եւս նշեալ գի­տա­ժո­ղո­վին հան­դէս ե­կած են իբ­րեւ զե­կու­ցող­ներ: Այն հան­գա­ման­քը, որ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը Քոնկ­րե­սին մէջ ստած են՝ զե­կու­ցե­լով, թէ իբր ի­րենք հո­վա­նա­ւո­րած են հա­մա­ժո­ղո­վին մեկ­նե­լու ծախ­սե­րը, յանձ­նո­ւած է Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան Բա­րո­յա­կար­գի Յանձ­նա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման, պար­զե­լու հա­մար, թէ Քոնկ­րե­սի կա­նո­նա­կար­գի եւ դաշ­նակ­ցա­յին օ­րէնք­նե­րու խախ­տում­ներ, նե­րա­ռեալ՝ օ­տար եր­կիր­նե­րու կող­մէ ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մի­ջամ­տե­լու փոր­ձեր կա­տա­րո­ւա՞ծ են։

Ն­շեալ գայ­թակ­ղու­թեան ա­ռաջ­նոր­դած գի­տա­ժո­ղո­վը, որ կը կրէր «­Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ-Ատր­պէյ­ճան հա­մա­գու­մար. Ա­պա­գա­յի տես­լա­կան» խո­րա­գի­րը, կա­յա­ցած էր 2013ի Մա­յիս 28-29ին: