Հա­լէ­պի մէջ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րեք հայ հա­մայն­քա­պե­տե­րուն, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Սու­րիոյ Կեդ­րո­նա­կան Մարմ­նին եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Մար­մի­նին, 3 Մա­յիս 2015ին տե­ղի ու­նե­ ցած է Յու­շա­կո­թո­ղի բա­ցում եւ «­Հո­ղին Կան­չը» վեր­նա­գի­րով՝ Մեծ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին ո­գե­կոչ­ման գլխա­ւոր հան­դի­սու­թիւն: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Սու­րիոյ Կեդ­րո­նա­կան Մարմ­նի պաշ­տօ­նա­կան է­ջը: Յու­շա­կո­թո­ղին բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է Հ.Բ.Ը.­Միու­թեան Գ. Կիւլ­պէն­կեան կեդ­րո­նի շրջա­փա­կէն ներս, ներ­կա­յու­թեամբ հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Պետ­րոս Արք. Մի­րիա­թեա­նի, Հա­լէ­պի մէջ Հ. Հ. գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէոր­գեա­նի, Հ.Բ.Ը.­Միու­թեան Սու­րիոյ Շր­ջա­նա­կա­յին Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Ներ­սէս Ներ­սո­յեա­նի եւ Հ.Ե.Ըն­կե­րակ­ցու­թեան Գոր­ծա­դիր Մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Հան­րի Արս­լա­նեա­նի, հա­լէ­պա­հայ միու­թիւն­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Հա­լէ­պի հայ Վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն: Յու­շա­կո­թո­ղի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է Հ.Ե.Ըն­կե­րակ­ցու­թեան փո­ղե­րա­խում­բը: Ա­ռաջ­նորդ Պետ­րոս Արք. Մի­րիա­թեան ա­ղօթ­քով օրհ­նած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նուիրո­ւած կո­թո­ղը՝ «Ան­մո­ռուկ» ծա­ղի­կը, ո­րուն տա­կը փո­րագրուած էր կար­գա­խօ­սը՝ «­Կը Յի­շեմ եւ Կը Պա­հան­ջեմ».- «Այս կո­թո­ղը կը նկա­տո­ւի հիմ­քը ճշմար­տու­թեան, յի­շո­ղու­թեան, պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան յա­ջոր­դող 100 տա­րի­նե­րուն. ա­նոր մի­ջո­ցաւ մենք փաս­տե­ցինք, որ հա­յը ապ­րե­ցաւ, կ­՛ապ­րի եւ պի­տի ապ­րի հա­ւա­տա­լով իր ար­դար դա­տին»,- յայ­տա­րա­րած է հայ կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դը: Յու­շա­կո­թո­ղին նա­խա­գի­ծը պատ­րաս­տած է Հ­րազ­դան Թօք­մա­ճեան: