«Թրքական պարտատոմսերու 72,6 միլիոն տոլար ներդնելը կը նշանակէ, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանը կ՛աջակցի մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, որ թրքական կառավարութիւնը կը հերքէ արդէն մէկ դար: Քուէարկութեան նման ելքը ցոյց կու տայ, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանը դէմ է ցեղասպանութեան նման ոճրագործութիւններուն»,- ըսած է հայ ուսանողներու ընկերակցութեան անդամ Պետրոս Քէոսոյեան:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Ռիվըրսայտը Քալիֆորնիոյ համալսարանի 5րդ մասնաճիւղն է, որ թրքամէտ ներդրումները կանխող բանաձեւ կ՛ընդունի:
Մայիսի սկիզբը Ըրվինի Քալիֆորնիոյ համալսարանի ուսանողական ինքնակառավարման մարմինը միաձայն բանաձեւ ընդունած է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ներդրումներէն զրկելու մասին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը չընդունելուն համար: «Որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգորդ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի ուսանող` ես վրդովուած եւ հիասթափուած էի, երբ իմացայ, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանը աւելի քան 70 միլիոն տոլար կը ներդնէ Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ»,- ըսած էր համալսարանի ուսանող Քարլա Քէքէճեան` նշելով, որ այդ ներդրումները կը ֆինանսաւորեն թրքական մերժողական քարոզչութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու ջանքերը: «Ուսանողներու վարձերը, իմ վարձս կը ներդրուին այն կառավարութեան, որ կը մերժէ պատմութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները: Ես պէտք է ներկայացնէի այս բանաձեւը, որպէսզի գոնէ ուսանողական մարմինը եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանը յանցակից չըլլան Հայոց Ցեղասպանութեան մերժման գործին»,-ըսած է ան: Բանաձեւին նախաձեռնողներէն է Ա.Մ.Ն.ի մէջ գործող Հայկական Երիտասարդական Միութեան արեւմտեան թեւը: