Տերսիմցի 17 հայեր, հայկական ինքնութեան վերադառնալու ճանապարհին, կատարած են հերթական քայլը՝ մկրտուելով Պոլսոյ Եշիլքէոյ շրջանի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ ընդունելով քրիստոնէութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am։

Մկրտութեան արարողութիւնը անձամբ ղեկավարած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեան:

Տերսիմի Հայերու Միութեան հիմնադիր եւ նախկին նախագահ Միրան Փրկիչ յայտնած է, որ մկրտութեան արարողութեան զուգահեռ իրականացած է երկու ամուսնական արարողութիւն եւս: Ան պատմած է, որ տերսիմահայերը, նախքան մկրտութիւնը, անցած են 6ամսեայ դասընթացներ, որոնք նախապատրաստուած են Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ: «Ինչպէս միւս հարցերուն մէջ, այս պարագային եւս յառաջադէմ պէտք է ըլլանք եւ շատ արագ տերսիմահայերը ծանօթացնենք սեփական ազգին հետ»,- նշած է Մ. Փրկիչ:

Մկրտութեան արարողութեան մասնակիցներէն Լէա Եոնճայ Կիւլթեքին, իր հերթին, յայտնած է իր յուզմունքն ու ոգեւորութիւնը կատարուածին առնչութեամբ: «Հայրս եւ մայրս տարիներ առաջ եկեղեցւոյ մէջ ամուսնացան: Սակայն իրենց ամուսնութեան ժամանակ մեզ չմկրտեցին, քանի որ կը վախնային իրենց շրջապատի հնարաւոր արձագանգներէն: Աւելի ուշ ես եւ իմ քոյրերս ու զարմիկներս միասնաբար մտածեցինք, թէ ինչո՞ւ չենք վերադառնար մեր ինքնութեան: Շուտով մենք որոշում կայացուցինք եւ հանդիպեցանք Արամ Աթեշեանին»,- պատմած է Լէան` աւելցնելով, որ վեց ամիս շարունակ կանոնաւոր կերպով յաճախած են պատրիարքարանի կողմէ կազմակերպուող դասընթացներուն: «Կը կարծեմ, որ լաւագոյն զգացումն է մեր մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու հետքերով երթալը»,- նշած է ան: Պատմական Հայաստանի տարածքին Տերսիմ այն հազուագիւտ բնակավայրերէն է, ուր մինչեւ օրս բնակող հայերուն մէջ, վերջին տարիներուն, կը նկատուի սեփական արմատներուն վերադառնալու աշխոյժ շարժում մը: Տերսիմահայերը 2015 թուականի Մարտին սկսած են մասնակցիլ հայերէն դասընթացներու, որոնց երկրորդ փուլը սկսած է Մայիսի սկիզբը: Հետեւողական ըլլալով սեփական արմատներուն վերադառնալու ձգտումին` տերսիմահայերը կը վստահեցնեն, որ նմանօրինակ ծրագիրներ հետագային ալ պիտի շարունակուին եւ ըլլան աւելի լայնածաւալ: